Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Թուր­քիոյ գլխա­ւոր ընդ­դի­մա­դիր Հան­րա­պե­տա­կան-­Ժո­ղովր­դա­յին Կու­սակ­ցու­թեան ցան­կով ե­րես­փո­խան ընտ­րո­ւած, մաս­նա­գի­տու­թեամբ ի­րա­ւա­բան հայ Սե­լի­նա Տո­ղան ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րա­րին ուղ­ղո­ւած գրա­ւոր դի­մում ներ­կա­յա­ցու­ցած է` պա­հան­ջե­լով հե­տաքն­նու­թիւն սկսիլ Ա­տա­նա­յի ազ­գայ­նա­մոլ քա­ղա­քա­պետ Հիւ­սէյն Սեօզ­լի­ւի դէմ, «­Թո­ւի­թըր»ի վրայ հայ ե­րես­փո­ խան­նե­րը վի­րա­ւո­րող գրա­ռու­մին հա­մար: Տո­ղան նշած է.- «Ո­րե­ւէ ժո­ղո­վուրդ կամ մար­դոց խումբ այլ ժո­ղո­վուր­դէ կամ մար­դոց խում­բէ բարձր դա­սե­լը յան­ցա­գոր­ծու­թիւն է: Ո­րե­ւէ պե­տու­թիւն չի կրնար եւ պէտք չէ դէ­տի կար­գա­վի­ճա­կին մէջ մնայ, երբ իր քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն մէկ հա­տո­ւա­ծը այլ հա­տո­ւած մը ճնշու­մի կ­՛են­թար­կէ կամ կը նո­ւաս­տաց­նէ: Թուր­քիոյ քրէա­կան օ­րէնս­գիր­քի 216 յօ­դո­ւա­ծով ճշդո­ւած է, որ «ժո­ղո­վուր­դը ա­տե­լու­թեան եւ թշնա­մու­թեան դրդե­լը յան­ցա­գոր­ծու­թիւն է»: