Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Պել­ճի­քա­յի խորհր­դա­րա­նին կող­մէ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մի բա­նա­ձե­ւին ըն­դուն­ման հա­կազ­դած է Թուր­քիոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը՝ խորհր­դա­րա­նին ո­րո­շու­մը ո­րա­կե­լով «ա­նար­դար», «պատ­մա­կան ի­րո­ղու­թիւն­նե­րուն չհա­մա­պա­տաս­խա­նող» եւ «մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րը ան­տե­սող»:

Նա­խա­րա­րու­թիւ­նը Պել­ճի­քան մե­ղադ­րած է «թրքա­կան ինք­նու­թիւ­նը սեւց­նել»ու փոր­ձե­րով:

«Այդ եւ նման ո­րո­շում­ներ ոչ մէկ ձե­ւով կը ծա­ռա­յեն հայ-թրքա­կան հաշ­տեց­ման: Մենք խստօ­րէն կը դա­տա­պար­տենք մեզ ա­նար­դար ձե­ւով մե­ղադ­րող, պատ­մա­կան ի­րո­ղու­թիւն­ներն ու թուրք ժո­ղո­վուր­դին յի­շո­ղու­թիւ­նը ան­տե­սող այդ ո­րո­շու­մը»,- նշուած է Թուր­քիոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան հրա­պա­րա­կած հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ։ Թր­քա­կան կող­մը նաեւ յայ­տա­րա­րած է, որ խորհր­դա­րա­նին ո­րո­շու­մը կը հա­կա­սէ «­Թուր­քիոյ եւ Պել­ճի­քա­յի մի­ջեւ ձե­ւա­ւո­րո­ւած յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ո­գիին» եւ կրնայ ա­նոնց վնաս հասց­նել:

Յի­շեց­նենք, որ Պել­ճի­քա­յի խորհր­դա­րա­նը քո­ւէ­նե­րու մե­ծա­մաս­նու­թեամբ հաս­տա­տած է Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­ցող բա­նա­ձե­ւը: