Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Թուր­քիոյ ազ­գայ­նա­մոլ «Ուլ­քու Օ­ճաք­լար» (Ի­դէա­լիս­տա­կան Օ­ճախ­ներ) կազ­մա­կեր­պու­թեան ան­դամ Պու­րաք Մի­շին­ճի, որ մեկ­նած էր Սու­րիա` կռո­ւե­լու, սպան­նո­ւած է Սու­րիոյ օ­րի­նա­պահ բա­նա­կի ու­ժե­րուն կող­մէ:

Մի­շին­ճի նախ­քան Սու­րիա մեկ­նի­լը յայ­տա­րա­րած էր, որ «կ­՛եր­թայ հա­յե­րու եւ ա­լե­ւի­նե­րու գլուխ­նե­րը կտրե­լու»: Ան սպան­նո­ւած է Սու­րիոյ Լա­թա­քիոյ շրջան­նե­րէն մէ­կուն մէջ՝ տե­ղի թուրք­մէն­նե­րու եւ Սու­րիոյ օ­րի­նա­պահ բա­նա­կի ու­ժե­րուն մի­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցած բա­խու­մի ժա­մա­նակ:

Թուր­քիոյ մէջ Մի­շին­ճիի յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցած է Պո­լիս: Թաղ­ման մաս­նակ­ցած են Մի­շին­ճիի ըն­տա­նի­քը, Թուր­քիոյ «Ազ­գայ­նա­կան Շար­ժում» (MHP) կու­սակ­ցու­թեան Պոլ­սոյ պատ­գա­մա­ւոր Մե­րալ Աք­շե­ներ, ինչ­պէս նաեւ կազ­մա­կեր­պու­թեան մէջ բարձր պաշ­տօն­ներ զբա­ղեց­նող ան­ձիք: