Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

«­Ռա­տի­քալ» օ­րա­թեր­թին մէջ հրա­տա­րա­կո­ւած է զգա­յա­ցունց լուր մը, ըստ ո­րուն՝ Մար­տի­նի մէջ կա­լո­ւա­ծա­կան միջ­նորդ հաս­տա­տու­թիւն մը 12,5 մի­լիոն թրքա­կան լի­րա­յի նման ան­հա­ւա­տա­լիօ­րէն բարձր գի­նով ծա­խու հա­նած է Մար­տի­նի մէջ ա­սո­րի­նե­րու Մար Եու­հան­նա ե­կե­ղե­ցին: Այս մա­սին, ըստ Պոլ­սոյ «­Նոր Մար­ մա­րա» թեր­թին, ծա­նու­ցում մը հրա­տա­րա­կո­ւած է կա­լո­ւա­ծա­կան միջ­նորդ «Էլ­մաք տիւ­նեամ» հաս­տա­տու­թեան կող­մէ: Որ­պէս­զի ծա­նու­ցու­մը ա­ւե­լի ազ­դու ըլ­լայ, բա­ւա­կան հե­տաքրք­րա­կան ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ ալ տրո­ւած են ե­կե­ղե­ցիին մա­սին: Ը­սո­ւած է, որ նոյն կա­լո­ւա­ծին մէջ պատ­րիարք­նե­րու գե­րեզ­ման­ներ կան, թէ` այս ե­կե­ղե­ցիին դռնե­րէն մէ­կը տա­րո­ւած է Տա­րիւլ­զա­ֆա­րան վանք, իսկ միւ­սը տա­րո­ւած է Մար­տի­նի բերդ:

Յայտ­նի դար­ձած է, որ մին­չեւ վեր­ջերս որ­պէս շտե­մա­րան գոր­ծա­ծո­ւած շէն­քը նա­խա­պէս ե­կե­ղե­ցի մըն էր, կա­ռու­ցո­ւած` Դ. դա­րուն: Կա­լո­ւա­ծա­կան միջ­նորդ հաս­տա­տու­թեան սե­փա­կա­նա­տէր Եու­սուֆ Քա­նաք շատ ինք­նավըս­տահ կեր­պով խօ­սած է այս վա­ճառ­քին մա­սին, թէեւ չէ ու­զած բա­ցատ­րու­թիւն տալ կա­լո­ւա­ծին այժ­մու սե­փա­կա­նա­տի­րոջ մա­սին: Բայց կա­լո­ւա­ծա­կան սե­փա­կա­նա­թուղթ (թա­փու) կայ, ա­մէն ինչ կա­նո­նա­ւոր է: Լա՛ւ, մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թե­նէն ոե­ւէ մէ­կը չհե­տաքրք­րո­ւե­ցա՞ւ, պաշտ­պան չկանգ­նե­ցա՞ւ կա­լո­ւա­ծին: Ո՛չ: Հե­տաքրքրո­ւող­ներ կա՞ն, գնորդ­ներ կը ներ­կա­յա­նա՞ն: Ա­յո՛, հե­տաքրք­րու­թիւն կայ, ա­մէն վայր­կեան կրնայ ծա­խո­ւիլ: Լ­րա­տո­ւու­թեան հե­ղի­նա­կը այս մա­սին խօ­սիլ ու­զած է մշա­կոյ­թի եւ բնու­թեան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու պաշտ­պան մար­մին­նե­րու հետ, բայց ոչ մէ­կը ներ­կա­յա­ցած է հե­ռա­ձայ­նին, բո­լորն ալ քա­ղա­քէն դուրս կը գտնո­ւին ե­ղեր: Լ­րագ­րո­ղը ա­մէ­նէն վերջ խօ­սեր է Մար­տի­նի ա­սո­րի ե­կե­ղեց­ւոյ հա­մայն­քին ան­դամ­նե­րէն Կապ­րիէլ Ա­գեիւ­զի հետ: Այս վեր­ջինն ալ գան­գա­տեր է. «­Մե­զի ալ կ­՛ա­ռա­ջար­կեն, որ գնենք, այդ ե­կե­ղե­ցին ծա­նու­ցու­մին մէջ գրո­ւա­ծէն ալ ա­ւե­լի հին է»,- ը­սեր է ան: