Թրքական «ASİMDER» (այսպես կոչուած` «Հայկական Անհիմն Պնդումներու Դէմ Կազմակերպութիւն») հակահայկական կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Իրֆան Էրմիշ յայտարարեց, որ իրենց կազմակերպութիւնը պիտի խոչընդոտէ հայերու կողմէ Վանի Աղթամար կղզիին վրայ Սբ. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ ամենա մեայ պատարագը,- «Milliyet» թերթի կայքի փոխանցմամբ` վերջինս որպէս պատարագը խոչընդոտելու պատճառ նշած է այն, որ իբրեւ թէ Հայաստանի իշխանութիւնները իրենց թոյլ չեն տուած նամազ ընել Երեւանի կեդրոնը գտնուող Կապոյտ մզկիթին մէջ:
Էրմիշ յայտարարեց, որ այդ հարցով պիտի համագործակցին տեղւոյն հասարակական կազմակերպութիւններուն հետ, ինչպէս նաեւ աշխատանք պիտի տանին Վանի բնակչութեան հետ:
Ազգայնական ու հակահայ գործիչը պնդեց նաեւ, որ Սբ. Խաչ եկեղեցին «կառուցած են քրիստոնեայ պեչենեկ թուրքերը»:
Նշենք, որ Երեւանի մէջ գտնուող Կապոյտ մզկիթին մէջ նամազ ընելու համար մուտքի արտօնագիր եւ անվտանգութեան երաշխիքներ ստանալու նպատակով «ASİMDER»ը 2014ի Սեպտեմբերին պաշտօնապէս դիմած էր Իրանի եւ Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանատուներուն:
Կազմակերպութեան նախագահ Գեոքսել Գիւլբէյ, այս նիւթով ըրած յայտարարութեան մէջ, նշեց, որ իրենք դիմած են Իրանի եւ Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանատուներուն այն բանէն ետք, երբ Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարարութիւնը ընթացք չէր տուած, մուտքի արտօնագրի եւ անվտանգութեան երաշխիքի համար, իրենց ներկայացուցած պաշտօնական դիմումին:
Յիշեցնենք, որ Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ հայկական եկեղեցին, թրքական կառավարութեան ֆինանսաւորմամբ վերականգնուելէ ետք, 2010 թուականէն բացուած է թանգարանի կարգավիճակով: Թրքական կառավարութիւնը տարին մէկ անգամ թոյլ կուտայ կատարելու կրօնական արարողութիւն։