Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Թուր­քիոյ գլխա­ւոր ընդ­դի­մա­դիր Հան­րա­պե­տա­կան-­Ժո­ղովր­դա­յին Կու­սակ­ցու­թե­նէն ընտ­րո­ւած, մաս­նա­գի­տու­թեամբ ի­րա­ւա­բան հայ ե­րես­փո­խան Սե­լի­նա Տո­ղան, Թուր­քիոյ մէջ բան­տար­կո­ւած պոլ­սա­հայ մտա­ւո­րա­կան Սե­ւան Ն­շա­նեա­նի վի­ճա­կին մա­սին, գրա­ւոր հար­ցում յղած է ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան:

Նա­մա­կին մէջ նշո­ւած է, որ Թուր­քիոյ մէջ ա­մէն տա­րի շուրջ 3 հա­զար դա­տա­վա­րու­թիւն­ներ կը սկսին՝ Թուր­քիոյ Մ­շա­կու­թա­յին ու Բ­նա­կան Ար­ժէք­նե­րու Պահ­պա­նու­թեան մա­սին օ­րէն­քով, ո­րուն հի­ման վրայ դա­տա­պար­տուած է Ն­շա­նեան:

Սա­կայն այդ օ­րէն­քը խախ­տող­նե­րը 2 տա­րիէն ալ նո­ւազ բան­տար­կու­թեան կը դա­տա­պար­տո­ւին (Ն­շա­նեան, օ­րէն­քի տար­բեր յօ­դուած­նե­րով, դա­տա­պար­տած է 11 տարուան բան­տար­կու­թեան), իսկ դա­տա­պար­տուե­լէ կարճ ժա­մա­նակ ետք ա­զատ կ­՛ար­ձա­կո­ւին։

Ըստ Թուր­քիոյ մէջ հրա­տա­րա­կո­ւող հայ­կա­կան «Ա­կօս» թեր­թին՝ Թուր­քիոյ ար­դա­րադ­ատու­թեան նա­խա­րար Քէ­նան Ի­փե­քին ու­ղար­կո­ւած նա­մա­կին երկ­րորդ բա­ժի­նին մէջ, Սե­լի­նա Տո­ղան հե­տե­ւեալ հար­ցադ­րում­նե­րը կա­տա­րած է. -

1. Թիւ 2863 Մ­շա­կու­թա­յին եւ Բ­նա­կան Ար­ժէք­նե­րու Պահ­պա­նու­թեան մա­սին օ­րէն­քի 65/b յօ­դո­ւա­ծով, վեր­ջին 10 տա­րո­ւան ըն­թաց­քին, քա­նի՞ մար­դու դէմ դատ բա­ցո­ւած է եւ քա­նի՞ն դա­տա­պար­տո­ւած է։

2. Քա­նի՞ հո­գիին բան­տար­կու­թեան դա­տավ­ճի­ռը փո­խա­րի­նո­ւած է դրա­մա­կան հա­տու­ցու­մով։

3. Քա­նի՞ հո­գի բան­տար­կու­թեան դա­տա­պար­տո­ւած է վե­րոն­շեալ յօ­դո­ւա­ծի յատ­կա­նիշ­նե­րով: Քա­նի՞ հո­գիին բան­տար­կու­թիւ­նը փո­խա­րի­նո­ւած է պայ­մա­նա­կան ա­զա­տու­թեամբ:

4. Սե­ւան Ն­շա­նեա­նէն բա­ցի ար­դեօք կա՞յ երկ­րորդ անձ մը, որ նշեալ յօ­դո­ւա­ծով պա­տիժ կը կրէ բան­տին մէջ: