Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Թուր­քիա, Մ.Ա.Կ.ի Մար­դու Ի­րա­ւունք­նե­րու Խոր­հուր­դի հա­մընդ­հա­նուր, պար­բե­րա­կան դի­տարկ­ման աշ­խա­տան­քա­յին խում­բին կող­մէ ա­ռա­ջար­կո­ւած 278 օ­րէնսդ­րա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րէն՝ 203ի հետ հա­մա­ձայ­նած է, սա­կայն 75ը մեր­ժած: Յատ­կան­շա­կան է , որ այդ 75 օ­րէնք­նե­րը մեծ մա­սով կը վե­րա­բե­րին խօս­քի ա­զա­տու­թեան ի­րա­ւուն­քին: Ա­տոնց­մէ մէկն ալ տխրահռ­չակ 301րդ յօ­դո­ւածն է: Թուր­քիան չ’ու­զեր հրա­ժա­րիլ այդ յօ­դո­ւա­ծէն` պնդե­լով, որ 301րդ յօ­դո­ւա­ծը չի հա­կա­սեր խօս­քի ա­զա­տու­թեան: Թուր­քիոյ Ք­րէա­կան Օ­րէնս­գիր­քի 301րդ յօ­դո­ւա­ծը պա­տիժ կը նա­խա­տե­սէ «­Թուրք ազ­գը, պե­տու­թիւ­նը, Թուր­քիոյ Ազ­գա­յին Մեծ ժո­ղո­վը, կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը, դա­տա­րա­նը, զի­նո­ւո­րին կամ ոս­տի­կա­նին ստո­րաց­նող­նե­րուն հա­մար»:

Ժա­մա­նա­կին 301րդ յօ­դո­ւա­ծով` թրքա­կան պե­տու­թեան վի­րա­ւո­րե­լու մէջ դա­տա­պար­տո­ւած է Հ­րանդ Տինք, մե­ղադ­րանք ներ­կա­յա­ցո­ւած է թուրք յայտ­նի պատ­մա­բան Թա­ներ Աք­չա­մի, գրող Օր­հան Փա­մու­քի հան­դէպ: Սա­կայն Մար­դու Ի­րա­ւունք­նե­րու Եւ­րո­պա­կան Դա­տա­րա­նը (Մ.Ի.Ե.Դ.) Տին­քին 301րդ յօ­դո­ւա­ծով դա­տե­լու հա­մար դա­տա­պար­տեց Թուր­քիան, իսկ 2011ին Թա­ներ Աք­չա­մի դէմ հե­տաքն­նու­թիւն սկսի­լը նկա­տեց օ­րէն­քի խախ­տում:

301րդ յօ­դո­ւա­ծը վերց­նե­լու կո­չով, տար­բեր ժա­մա­նակ­նե­րու մէջ, հան­դէս ե­կած են նաեւ Ա.Մ.Ն., Ֆ­րան­սա, Կիպ­րոս, Հա­յաս­տան եւ Ի­րան:

Մ.Ա.Կ.ի կող­մէ ա­ռա­ջար­կո­ւած բա­րե­փո­խում­նե­րը, զորս Թուր­քիա կտրա­կա­նա­պէս մեր­ժած է, կը վե­րա­բե­րին հե­տե­ւեալ թե­մա­նե­րուն.- Կր­թու­թեան ո­լոր­տին մէջ խտրա­կա­նու­թեան ջնջում, ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թիւն, պատ­րիար­քա­րան­նե­րուն ի­րա­ւա­կան կար­գա­վի­ճա­կի հաս­տա­տում, մայ­րե­նի լե­զո­ւով կրթու­թիւն ստա­նա­լու հնա­րա­ւո­րու­թեան ա­պա­հո­վում, Հա­յաս­տա­նի նկատ­մամբ ի­րա­կա­նա­ցո­ւող տնտե­սա­կան շրջա­փակ­ման ջնջում: