Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Ատր­պէյ­ճա­նի զի­նո­ւած ու­ժե­րը, 2015 թո­ւա­կա­նի մար­տա­կան պատ­րաս­տու­թեան ծրա­գի­րին հա­մա­ձայն, մար­տա­վա­րա­կան զի­նա­վար­ժու­թիւն­ներ կը կա­տա­րեն Նա­խի­ջե­ւա­նի մէջ:
Զի­նա­վար­ժու­թիւն­ներ կա­տա­րո­ւած են սահ­մա­նա­փակ տե­սա­նե­լիու­թեան, բարդ կա­ցու­թեան եւ ան­կա­յուն ե­ղա­նա­կի պայ­ման­նե­րուն մէջ՝ մար­տա­կան նշա­նաձգու­թեան վե­րա­բե­րեալ:

Ատր­պէյ­ճա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան մամ­լոյ ծա­ռա­յու­թեան հա­մա­ձայն՝ զի­նա­վար­ժու­թիւն­նե­րու ծի­րին մէջ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ պի­տի կա­տարուին նաեւ Նա­խի­ջե­ւա­նի Ինք­նա­վար Հան­րա­պե­տու­թեան պաշտ­պա­նա­կան նե­րոյ­ժը ամ­րապն­դե­լու եւ Ա­ռան­ձին Հա­մա­զօ­րա­յին Բա­նա­կի մար­տու­նա­կու­թիւ­նը բարձ­րաց­նե­լու գծով: