Թուրքիոյ յայտնի հայ լրագրող Հայկօ Պաղտաթ դատական գործ յարուցած է Անգարայի քաղաքապետ Մելիհ Կէօքչեքի դէմ` ընկերային ցանցերուն վրայ հայերուն մասին ոչ-պատշաճ յայտարարութիւններ կատարելուն համար: Դատարան ներկայացուցած դիմումին մէջ, Պաղտաթ Անգարայի քաղաքապետէն պահանջած է վճարել 10 հազար թրքական լիրա հատուցում: Երբ Գերմանիոյ Կանաչներու Կուսակցութեան ծագումով թուրք համանախագահ Ճեմ Էօզտեմիր կոչ ուղղած է Թուրքիոյ՝ Հայաստան-Թուրքիա սահմանը բանալու, Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններ հաստատելու վերաբերեալ։
Կէօքչեք «Թուիթըր»ի վրայ կատարած գրառումի մը մէջ Էօզտեմիրէն խնդրած է բացատրել` արդեօք անոր ծագումին մէջ կա՞ն հայկական արմատներ: Իսկ Պոլսոյ մէջ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան ցոյցէն առաջ ան յայտարարած էր, որ հանրահաւաքին մասնակցելու նպատակով Եւրոպայէն եւ Հայաստանէն 150-200 հայեր կը պատրաստուին գալ Պոլիս: «Ի՞նչ գործ ունին անոնք հանրահաւաքին: Որովհետեւ անոնք ատիկա կը դիտարկեն իբրեւ Հայաստանի փրկութեան ցոյց: Զիս լսող իմ քիւրտ եղբայրներ` մի՛ երթաք այդ հանրահաւաքին, որովհետեւ ատիկա քիւրտերու հանրահաւաքը չէ, հայերունն է»,- ըսած էր Կէօքչեք: