Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

­altԹուրք-սու­րիա­կան սահ­մա­նի սու­րիա­կան կող­մին վրայ գտնո­ւող Քո­պա­նի քա­ղա­քին մէջ ըն­թա­ցող մար­տե­րու հե­տե­ւան­քով՝ քա­ղա­քը լքած Թով­մա­սեան­նե­րու ըն­տա­նի­քը 9 ա­մի­սէ ի վեր կը բնա­կի Ուր­ֆա: Վեր­ջին 5 ա­մի­սը ըն­տա­նի­քը մնա­ցած է գաղ­թա­կան­նե­րու հա­մար նա­խա­տե­սո­ւած վրա­նա­յին ճամ­բա­րին մէջ,- կը գրէ Tert.am:

«Ա­կօս»ի թղթա­կից­նե­րը այ­ցե­լած են ըն­տա­նի­քին, ո­րուն ան­դամ­նե­րը վեր­ջին ա­միս­նե­րու ըն­թաց­քին ի­րենց­մէ բա­ցի ա­ռա­ջին ան­գամ հայ տես­նե­լով՝ յու­զո­ւած են:

«­Մեր հետ հոս շատ լաւ կը վա­րո­ւին, սա­կայն մենք հոս­կէ մէկ վայր­կեան ա­ռաջ հե­ռա­նալ կ­՛ու­զենք` ուր որ ըլ­լայ»,- ը­սած են ըն­տա­նի­քին ան­դամ­նե­րը:

30 հա­զար վրան, մօտ 100 հա­զար մարդ` հիմ­նա­կա­նօ­րէն ա­րաբ եւ քիւրտ: «Իս­լա­մա­կան Պե­տու­թեան» կող­մէ Քո­պա­նիի վրայ կա­տա­րո­ւած յար­ձա­կու­մէն ետք, ժո­ղո­վուր­դը այս վրա­նա­յին «քա­ղաք»ը ա­պաս­տա­նած է: Քո­պա­նիի հայ ըն­տա­նիք­նե­րէն են Թով­մա­սեան­նե­րը, ո­րոնք 9 ա­մի­սէ ի վեր Սու­րուչ կը գտնո­ւին:

Յու­լի­սը վրա­նա­յին ճամ­բար տե­ղա­փո­խո­ւե­լու 5րդ­ ա­միսն է: Ա­նոնց կեան­քը պատ­մու­թեան ամ­բողջ ըն­թաց­քին գաղթ, պա­տե­րազմ ու ա­ւեր տե­սած հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան նման է:

Ս­տո­րեւ՝ ա­նոնց­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րը կը ներ­կա­յաց­նէ իր պատ­մու­թիւ­նը.

- «Ա­նունս Յա­կոբ է: Քո­պա­նիի մէջ ինք­նա­շարժ­նե­րու նո­րոգ­մամբ կը զբա­ղէի: Պա­տե­րազ­մէն փախ­չե­լով` եղ­բայր­նե­րուս հետ մեր ըն­տա­նիք­նե­րով հոս հա­սանք: 15 հո­գի ենք: Մե­զի նախ գի­շե­րօ­թիկ դպրո­ցի մը մէջ տե­ղա­ւո­րե­ցին, այժմ ալ, ա­հա, վրա­նա­յին ճամ­բա­րի մէջ ենք: Ձմ­րան շատ անձ­րեւ ե­կաւ, սա­կայն այդ ժա­մա­նակ դպրո­ցի մէջ էինք, չէինք թրջո­ւեր: Չեմ պատ­կե­րաց­ներ, թէ այս ձմեռ ինչ­պէ՞ս պի­տի ան­ցը­նենք: Հոս մե­զի հետ լաւ կը վա­րո­ւին, բայց մենք մէկ վայր­կեան ա­ռաջ հե­ռա­նալ կ­՛ու­զենք, ուր որ պա­տա­հի…»:

«­Կինս` Ֆե­րուզն է, մէկ ոտ­քը փրո­թեզ է: Ե­րեք ա­միս ա­ռաջ կտրե­ցին»:

- «Ա­նունս Սե­րոբ է: Եղ­բայրս Քո­պա­նիի վեր­ջին յար­ձա­կում­նե­րէն ա­ռաջ փոքր որ­դիին հետ հոն էր: Զայն սպան­նած են որ­դիին աչ­քին առ­ջեւ: Տ­ղան դեռ ուշ­քի չէ ե­կած: Ամ­բողջ օ­րը վրա­նին մէջ է եւ չի խօ­սեր:

«Ար­դեն 9 ա­միս է Սու­րուչ ենք, 5 ա­միս` վրա­նա­յին ճամ­բա­րի մէջ: Մեզ­մէ բա­ցի ոչ մէկ հայ տե­սած ենք: Դուր­սը ա­րա­բե­րէն ու քրտե­րէն կը խօ­սինք, սա­կայն մեր մէջ հա­յե­րէն կը շփո­ւինք, որ մեր լե­զուն չմոռ­նանք: Ձե­զի հետ սե­ղան նստի­լը մե­զի հա­մար շատ կա­րե­ւոր է: Ար­դէն 9 ա­մի­սէ ի վեր մեր սե­ղա­նին հա­յեր չեն ե­ղած: «­Հա­յաս­տան եր­թալ չենք նա­խընտ­րեր, քա­նի որ մեզ­մէ շա­տե­րը ոչ միայն անձ­նա­գիր, այ­լեւ ո­րե­ւէ փաս­տա­թուղթ չու­նին: Անձ­նագ­րի հա­մար առ­նո­ւազն 1000 տո­լար կը պա­հան­ջո­ւի: Մենք 15 հո­գի ենք, 15.000 տո­լար ուր­կէ՞ գտնենք: Ե­թէ ը­սեն` Քո­պա­նի վե­րա­դար­ձէք, Քո­պա­նին ար­դէն չկայ… »: