Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Վեր­ջին օ­րե­րուն Թուր­քիոյ մէջ, ազ­գայ­նա­մո­լա­կան շրջա­նակ­նե­րու կող­մէ, հայ պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու եւ հայ ա­րո­ւես­տա­գէտ­նե­րու նկատ­մամբ հրա­պա­րա­կո­ւած վի­րա­ւո­րա­կան ու ցե­ղա­պաշ­տա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն դէմ դուրս ե­կած են թուրք յա­ռա­ջա­դէմ մտա­ւո­րա­կան­նե­րը: Թր­քա­կան Gercek gundem կայ­քի փո­խանց­մամբ` «Ան­գա­րա­յի Մտ­քի Ա­զա­տու­թեան» նա­խա­ձեռ­նու­թեան կող­ մէ յայ­տա­րա­րու­թիւն մը տա­րա­ծո­ւած է, որ խստօ­րէն կը քննա­դա­տէ վեր­ջերս, Ազ­գայ­նա­կան Շար­ժում Կու­սակ­ցու­թեան շարք մը քա­ղա­քա­պետ­նե­րուն կող­մէ, հայ պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու եւ հա­մերգ­նե­րով Թուր­քիա մեկ­նած հայ ե­րա­ժիշտ Տիգ­րան Հա­մա­սեա­նի հաս­ցէին հնչած վի­րա­ւո­րա­կան ու սպառ­նա­լից յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը: «Ան­գա­րա­յի Մտքի Ա­զա­տու­թեան» նա­խա­ձեռ­նու­թեան կող­մէ կա­տա­րո­ւած յայ­տա­րա­րու­թեան տակ ստո­րագ­րած են մօտ եր­կու հա­րիւր թուրք մտա­ւո­րա­կան, ա­րո­ւես­տա­գէտ, ի­րա­ւա­բան եւ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ: