Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Պոլ­սոյ ­Հա­յոց պատ­րիար­քա­կան ընդ­հա­նուր փո­խա­նորդ Ա­րամ Ար­քե­պիս­կո­պոս Ա­թե­շեան՝ նոր պատ­րիար­քի ընտ­րու­թիւն ի­րա­կա­նաց­նե­լու դի­մում ներ­կա­յա­ցու­ցած Պոլ­սոյ նա­հան­գա­պետ Ո­ւա­սիփ ­Շա­հի­նին: Այս մա­սին նշո­ւած է ­Պոլ­սոյ ­Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րա­նի պաշ­տօ­նա­կան կայ­ քէջով հրա­պա­րա­կո­ւած հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ։ ­Պատ­րիար­քա­րա­նի տե­ղե­կու­թեան հա­մա­ձայն՝ Ա­րամ Ար­քե­պիս­կո­պոս, «նկա­տի ու­նե­նա­լով հա­մայն­քի ան­դամ­նե­րուն փա­փա­քը», ներ­կա­յա­ցու­ցած է դի­մում նոր Պատ­րիար­քի ընտ­րու­թիւն­ներ ի­րա­կա­նաց­նե­լու վե­րա­բե­րեալ` հա­մա­ձայն ­Պոլ­սոյ հայ հա­մայն­քի ու­նե­ցած սո­վո­րոյթ­նե­րուն եւ կա­նոն­նե­րուն: Պոլ­սոյ նա­հան­գա­պե­տա­րան այ­ցե­լու­թեան ժա­մա­նակ Ա­թե­շեա­նի ու­ղեկ­ցած է ար­ժա­նա­պա­տիւ ­Տէր ­Շիր­վան քա­հա­նայ ­Միր­զո­յեա­ն: