Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Պոլսոյ մէջ շարունակուեցաւ Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով դատավարութիւնը: Երէկ կայացաւ 21-րդ դատական նիստը:
Նիստի սկսելէն առաջ Տինքի հարազատներն ու ընկերները հաւաքուած էին դատարանին առջեւ:

Անոնց բողոք ներկայացուցին, դիտել տալով թէ դատավարութիւնը սխալ ընթացքի մէջ է եւ միտումնաւոր ձգձգումներու կ'ենթարկուի:
Տինքի հարազատները յայտարարած են թէ պիտի շարունակեն բողոքի ալիքը, բարձրաձայնելով 11 կէտերէ բաղկացած մեղադրական յայտարարու- թեան  մը հրապարակումը, որ մամուլին տարածուած է: