Կարսի մէջ ազգայնամոլներու կուսակցութեան ղեկավարներէն Թոլգա Ատըկիւզել դժգոհութիւն յայտնեց յայտնի երաժիշտ Տիգրան Համասեանի՝ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ ընթացող համերգաշարի առնչութեամբ: Ատըկիւզել իր դժգոհութիւնը յայտնելու համար հրաւիրեց մա մուլի յատուկ ասուլիս մը, որու ընթացքին հայերու հասցէին սպառնալիքներ հնչեցուց.- «Այսուհետեւ բոլորը պիտի իմանան իրենց չափն ու սահմանը: Կը փորձեն մեր համբերութի՞ւնը չափել: Կարո՞ղ է մենք ալ Կարսի փողոցներուն մէջ հայերու որսի դուրս գանք»,-բացայայտօրէն սպառնացաւ ան: Ազգայնամոլ ղեկավարի խօսքով՝ երբ իրենք Հայաստան այցելեցին, իրենց թոյլ չտուին Թուրքիոյ դրօշը պարզել: «Իրենց սրբավայրերուն մէջ մենք կարո՞ղ ենք համերգ տալ: Եթէ մենք մինչ օրս չենք ըրած նման բան, ատիկա դեռ չի նշանակեր, որ պիտի չընենք: Մենք այս բոլոր կատարուածները մեզ մօտ նշած ենք»,- ըսաւ Ատըկիւզել՝ խոստանալով, որ այսուհետեւ նմանատիպ իրադարձութիւններ տեղի ունենալու պարագային «իրենք հարկ եղածը պիտի ընեն»: