Սեբաստահայոց եւ բարեկամներու միութեան վարչութեան ատենապետ Սեպուհ Քոչաք եւ վարչութեան միւս անդամները մտերիմ մթնոլորտի մը մէջ ողջունեցին բոլոր մասնակիցները։
Հաւաքատեղիի բացման առթիւ սարքուեցաւ նաեւ Զաքարիա Միլտանօղլուի տեղադրումով լուսանկարներու ցուցադրութիւն մը։ Ինչպէս միութեան ատենապետ Սեպուհ Քոչաք ալ բարերարներուն ուղղեալ իր շնորհակալութեան խօսքին մէջ պիտի նշէր, ցուցադրուած լուսանկարներու կարեւոր մէկ մասը ապահովուած էին միութեան երիտասարդ անդամներու ջանքերով։ Վերջապէս Զաքարիա Միլտանօղլու այդ հաւաքածոն վերածած էր Սեբաստիոյ հարիւր տարուայ պատմութեան վկայութեան։ Սեպուհ Քոչաք, նման կազմակերպութիւններու պոլսահայ ընկերային կեանքին վրայ ունենալիք դրական ազդեցութիւնները մատնանշող իր ելոյթով, շնորհակալութիւն յայտնած է հանգանակութեան գլխաւոր բարերարներ՝ Տիգրան Կիւլմէզկիլ, Եթքին Պէրպէրօղլու, Շիշլիի քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւ եւ Զաքարիա Միլտանօղլուին։