Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

­Թր­քա­կան «Milliyet» թեր­թը կը գրէ, որ Սաս­նոյ 1500ա­մեայ վան­քը, գանձ ո­րո­նող­նե­րու ոտնձգու­թեանց հե­տե­ւան­քով, հա­սած է կի­սա­քանդ վի­ճա­կի եւ կը գտնո­ւի ամ­բող­ջա­կան ա­ւեր­ման վտան­գի տակ:

Սա­սու­նի, Պիթ­լի­սի, Մու­շի, Վա­նի եւ Պոլ­սոյ հա­յե­րու միու­թեան օգ­նու­թեան, հա­մե­րաշ­խու­թեան մշա­կու­թա­յին միու­թեան ղե­կա­վար Ա­զիզ Տաղ­ջըն տե­ղե­կա­ցու­ցած է, որ վանք տա­նող ճա­նա­պար­հը փակ ըլ­լա­լուն պատ­ճա­ռով՝ ի­րենք չեն կրնար ո­րե­ւէ մի­ջամ­տու­թիւն ը­նել: Վեր­ջինս նշած է, որ ի­րենք կը ցան­կան հաս­նիլ ա­նոր, որ ե­կե­ղե­ցին վե­րա­նո­րոգուի եւ բաց ըլ­լայ հո­գե­ւոր զբօ­սաշր­ջու­թեան հա­մար: Տաղ­ջըն, տե­ղե­կաց­նե­լով, որ վանք տա­նող ճա­նա­պար­հը բա­նա­լու հա­մար բազ­միցս դի­մած են պատ­կան մար­մին­նե­րուն, եւս մէկ ան­գամ պա­հան­ջած է ճա­նա­պար­հի 1500 մեթ­րա­նոց հա­տո­ւա­ծին բա­ցու­մը: 1 վեր­գետ­նեայ եւ եւս 2 ստոր­գետ­նեայ յար­կեր ու­նե­ցող վան­քի վե­րա­նո­րոգ­ման հա­մար, Թուր­քիոյ մշա­կոյ­թի եւ զբօ­սաշր­ջու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւն ու­ղար­կո­ւած դի­մում­նե­րէն մէ­կուն ար­դիւն­քով ժա­մա­նա­կին ե­կած, ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ  կա­տա­րո­ւած են, սա­կայն այդ­պէս ալ ո­րե­ւէ աշ­խա­տանք չէ տա­րո­ւած: Ա­զիզ Տաղ­ջըն նշած է նաեւ, որ հո­գե­ւոր կա­ռոյ­ցի մէջ կեն­դա­նի­ներ պա­հե­լը կը նշա­նա­կէ վի­րա­ւո­րանք հասց­նել այդ կրօ­նին ու հե­տե­ւորդ­նե­րուն: