Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Անգա­րայի գլխա­ւոր դա­տախա­զու­թիւնը Տրա­պիզո­նի հե­տախու­զութեան վար­չութեան նախ­կին պետ Ռա­մազան Աքեիւ­րէ­քի դէմ պա­հան­ջած է 240էն 860 տա­րի բան­տարկու­թիւն` թուրք քա­ղաքա­կան 48 գոր­ծիչներ, ի շարս որոնց նախ­կին վար­չա­պետե­րէն Նէճ­մէտտին Էր­պա­քան, գոր­ծա­ րար­ներ, լրագ­րողներ եւ պաշ­տօ­նեաներ ապօ­րինի կեր­պով գաղտնաբար ունկնդրած ըլլալուն պատ­ճա­ռով: Նախ­կին ոս­տի­կանա­պետի նկատ­մամբ սկսուած հե­տաքննու­թիւնը աւար­տած է, Ռա­մազան Աքեիւ­րէք եւ Էօմէր Ալ­թը­փար­մաք մե­ղադ­րուած են «կազ­մա­կեր­պութիւն ղե­կավա­րել»ու յան­ցանքով: Դա­տախա­զը 40 տար­բեր գոր­ծո­ղու­թիւն կա­տարած ըլ­լա­լու յան­ցանքով մե­ղադ­րուող Աքեիւ­րէ­քի հա­մար պա­հան­ջած է 240էն մին­չեւ 860, իսկ միւս ոս­տի­կանա­պետ՝ Ալ­թը­փար­մա­քի հա­մար` մին­չեւ 704 տա­րի բան­տարկու­թիւն: Հրանդ Տին­քի սպա­նու­թեան դա­տավա­րու­թեան շրջա­նակին մէջ մե­ղադ­րեալ Աքեիւ­րէք ոս­տի­կանու­թեան տուած իր վեր­ջին զե­կոյ­ցին մէջ յայտնած էր, թէ նա­խօրօք տե­ղեակ էր Տին­քի դէմ ծրագ­րուող «աղմկա­յարոյց գոր­ծո­ղու­թե­ան», սա­կայն չէր տե­ղեկա­ցու­ցած Տրա­պիզո­նի այն ժա­մանա­կուան կու­սա­կալը եւ նա­հան­գի ոս­տի­կանութիւնը: