Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Վանի մէջ շարունակուող ուժգին երկրաշարժի եւ յետցունցումներու պատճառով, լուրջ վնաս հասցուած է Վարագավանքի վրայ։ NEWS.am-ի թղթակիցը այցելած է վայրը հաստատելու համար վնասուած տարածքի մանրամասնութիւնները։


Նախապէս լրատուական կայքէջի  թղթակիցը Վանէն տեղեկացած էր, որ Աղթամարի Սուրբ Խաչի վերաբացումէն յետոյ Եուքարըբաքրաչլըի գիւղացիները դիմում ներկայացուցած էին Վանի նահանգապետարան եւ  մշակոյթի ու զբօսաշրջութեան հարցերու նահանգային վարչութիւն՝ իրենց գիւղին մէջ գտնուող եկեղեցական համալիրը վերականգնելու համար։
Յիշեալ գիւղի իմամ Մեհմեդ Չոպանը NEWS.am-ի թղթակիցի հետ զրոյցին նշած էր, որ Վարագավանքի վերանորգման համար անհրաժեշտ է կողքին գտնուող մզկիթը քանդել։ «Նոր մզկիթը արագօրէն կը կառուցուի։ Հազիւ այն կառուցուի, հինը պիտի քանդուի եւ պիտի սկսի Վարագավանքի վերականգնումը»,-ըսած էր իմամը՝ շեշտելով, որ պատասխանատուները Վարագավանքի վերանորոգման սկսման որպէս տարեթիւ՝ ճշդած են 2012-ը։
Գիւղի իմամը շեշտած էր նաեւ, որ Զբօսաշրջութեան եւ մշակոյթի Վանի նահանգային վարչութեան աշխատակիցները այցելած են Վարագավանք՝ իրենց հետ բերելով վերականգնման նախագիծը, որը կը նախատեսէ վանական համալիրի ամբողջական վերանորոգումը։

 

Թուրքիոյ մէջ երկրաշարժի զոհերու թիւը կը բարձրանայ

Վանի մէջ նոր երկրաշարժի եւ ուժգին յետցնցումներու հետեւանքները կարելի չէ եղած վերացնել։ 32 հոգի իրենց կեանքը կորսնցուցին, մինչ փրկարար ջոկատները յաջողած են փլատակներէն դուրս բերել 30 հոգի։ Զոհերու թիւին մէջ կան «Տողան» լրատուական գործակալութեան երկու լրագրողներ եւ մարդասիրական օգնութեան խումբի մը մասնակցող ճափոնցի մը։
Անցեալ Չորեքշաբթի օր պատահած երկրաշարժը Ռիխթերի 5,6 աստիճան ուժգնութիւն ունէր։ 25 շէնք փլուզեցաւ ցնցումին պատճառով։

 

Երկրաշարժը Թուրքիոյ Համար Առիթ Է Հայկական Յուշարձանները Քանդելու


Լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին, ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան (ԱԻՆ) երկրաշարժի պաշտպանութեան ազգային ծառայութեան հիւսիսային բաժինի պետ Սերգէյ Նազարէթեան յայտնեց, թէ Վանի երկրաշարժէն ետք, մեր պատմական հայրենիքին մէջ գտնուող յուշարձանները հաւանաբար վնասուած ըլլան: «Ութ բալի դէպքում, յուշարձանները ստանում են վնասուածքներ, իսկ երբ ցնցումները հասնում են տասը բալի, եկեղեցիները կա՛մ խոնարհւում են, կա՛մ շատ վնասուածքներ են ստանում: Վանի երկրաշարժը Սպիտակի երկրաշարժի կարգին էր, մի փոքր էլ աւելի՛», յայտնեց ան:
Յուշարձանագէտ Սամուէլ Կարապետեան, իր կարգին կարծիք յայտնեց, որ երկրաշարժէն առաջ իսկ, կայուն վիաճակ ունէին շատ քիչ յուշարձաններ: «Երկրաշարժից յետոյ քանդուած կը լինեն Սքանչելագործի վանքը, Սուրբ Գէորգ վանքի վերջին շինութիւնը, հնարաւոր է՝ վնասուած լինեն Սուրբ Ստեփանոսի Արգելանի վանքերը: Սա Թուրքիայի համար շատ լաւ հնարաւորութիւն է՝ վերացնելու հայկական յուշարձանները», ըսաւ Կարապետեան:
Անդրադառնալով Հայաստանի տարածքին գտնուող յուշարձաններուն՝ ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան աշխատակազմի պատմութեան եւ յուշարձաններու պահպանութեան գործակալութեան պետ Լոռվարդ Առուշանեան նշեց, թէ այդ յուշարձաններուն մեծ մասը կը գտնուի վթարային վիճակի մէջ. «Եթէ կառոյցի որեւէ մասը չկայ, նրա երկրաշարժի հանդէպ կա¬ յունութիւնը   կտրուկ նուազում է: Կառոյցն ամբողջացնելու դէպքում՝ երկրաշարժի հանդէպ կայունութիւնը եւս կը կայունանայ: Առաջնային նպատակ պէտք է լինի ոչ թէ երկրաշարժի հանդէպ կայունութիւնն ապահովելը, այլ՝ յուշարձանի ճիշդ վերականգնումը՝ իր նախնական նիւթով ու կառուցուածքով», բացատրեց ան:
Միւս կողմէ, յուշարձանագէտ Սամուէլ Կարապետեան նաեւ տեղեկացուց, որ 2009ին կատարուած հետազօտութեան մը համաձայն, 26 յուշարձան ընտրուած է՝ իբրեւ առաւել վտանգաւոր: Իսկ Սերգէյ Նազարէթեան աւելցուց, թէ 7-11րդ դարերուն կառուցուած եկեղեցիները աւելի կայուն են, քան անոնցմէ ետք կառուցուածները։