Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

­Թուր­քիա ետ կան­չած է Պ­րա­զի­լի իր դես­պա­նը այդ երկ­րի ­Դաշ­նա­յին ­Ծե­րա­կոյ­տի կող­մէ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ բա­նա­ձե­ւի ըն­դու­նու­մէն ետք: Այս մա­սին կը տե­ղե­կաց­նէ «­Ռոյ­թըրզ» գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը, վկա­յա­կո­չե­լով ­Թուր­քիոյ Ա.Գ. նա­խա­րա­րու­թեան տա­րա­ծած հա­ղոր­դագ­րու­թիւ­նը:

­Յայ­տա­րա­րու­թեան հա­մա­ձայն, պաշ­տօ­նա­կան Ան­գա­րան Պ­րա­զի­լի ­Ծե­րա­կոյ­տի ո­րո­շու­մը կը հա­մա­րէ «պատ­մա­կան ճշմար­տու­թիւն­նե­րը խե­ղա­թիւ­րող քայլ» եւ «ան­պա­տաս­խան­տո­ւու­թեան դրսե­ւո­րում»: ­Յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ կը նշո­ւի նաեւ, թէ այ­դօ­րի­նակ «քա­ղա­քա­կան ո­րո­շում­նե­րը կ­՛ըն­դու­նո­ւին հայ­կա­կան սփիւռ­քի ազ­դե­ցու­թեան ներ­քոյ եւ չեն կրնար փո­խել «ո՛չ պատ­մա­կան փաս­տե­րը, ո՛չ ի­րա­ւա­կան կա­նոն­նե­րը»:

­Տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան հա­մա­ձայն, բա­նա­ձե­ւի ըն­դու­նու­մէն ետք Ան­գա­րա­յի մէջ Պ­րա­զի­լի դես­պա­նը պար­զա­բա­նում­ներ տա­լու նպա­տա­կով կան­չո­ւած է ­Թուր­քիոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւն:

­Յի­շեց­նենք, որ ­Մա­յիս 27ին Պ­րա­զի­լի ­Դաշ­նա­յին ­Ծե­րա­կոյ­տը միա­ձայն ըն­դու­նած է ­Ծե­րա­կոյ­տի Ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ ազ­գա­յին պաշտ­պա­նու­թեան յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ, դաշ­նա­յին ծե­րա­կու­տա­կան Ա­լոի­զիօ ­Նու­նէս ­Ֆե­րէյ­րա ­Ֆի­լէո­յի եւ դաշ­նա­յին ծե­րա­կու­տա­կան ­Ժո­զէ ­Սե­րա­յի հե­ղի­նա­կած No 550/2015 բա­նա­ձե­ւը, որ պաշ­տօ­նա­պէս կը ճանչ­նայ ­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը: