Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Թուր­քիոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցած խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն իբ­րեւ ար­դիւնք ­Պոլ­սոյ մէջ ա­ռա­ջադ­րո­ւած հինգ հայ թեկ­նա­ծու­նե­րէն ե­րե­քը ան­ցած են խորհր­դա­րան: Ա­նոնք են՝ ­Սե­լի­նա Էօ­ զու­զուն ­Տո­ղան՝ ­Հան­րա­պե­տա­կան Ժո­ղո­վուր­դի կու­սակ­ցու­թե­նէն, ­Կա­րօ ­Փայ­լան՝ ­Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան կու­սակ­ցու­թե­նէն եւ ­Մար­գար Ե­սա­յեան՝ Ար­դա­րու­թիւն եւ Բար­գա­ւա­ճում կու­սակ­ցու­թե­նէն:

Էր­տո­ղա­նի կու­սակ­ցու­թեան մեծ ձա­խո­ղու­թիւ­նը

Այս ընտ­րու­թիւն­նե­րը վճռո­րոշ էին այն ա­ռու­մով, որ ա­նոնց իբ­րեւ ար­դիւնք յայտ­նի կը դառ­նայ, թէ ար­դեօք Ար­դա­րու­թիւն եւ Բար­գա­ւա­ճում կու­սակ­ցու­թիւ­նը կրնա՞յ փո­խել սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը եւ եր­կի­րը խորհր­դա­րա­նա­կան հա­մա­կար­գէն դարձ­նել նա­խա­գա­հա­կան հան­րա­պե­տու­թիւն, ինչ­պէս կը ցան­կայ նա­խա­գահ Էր­տո­ղան:

­Մի­ջազ­գա­յին լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րը կը հա­ղոր­դեն, որ ­Թուր­քիոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ընտ­րու­թիւն­նե­րու ժո­ղովր­դա­յին մաս­նակ­ցու­թեան տո­կո­սը բարձր ե­ղած է, յատ­կա­պէս մայ­րա­քա­ղաք Ան­գա­րա­յի մէջ:­

Թուր­քիոյ խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րը տե­ղի ու­նե­ցան ­Թուր­քիոյ 81 նա­հանգ­նե­րու 174.000 ընտ­րա­տե­ղա­մա­սե­րու մէջ:

Թր­քա­կան եւ հա­մաշ­խար­հա­յին լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րը կը հա­ղոր­դէին ընտ­րու­թիւն­նե­րուն ան­պաշ­տօն ար­դիւնք­նե­րը: Ուշ ե­րե­կո­յեան տո­ւեալ­նե­րով, բո­լոր լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րը հաս­տա­տե­ցին ընտ­րու­թիւն­նե­րուն ար­դիւնք­նե­րը, ո­րոնց պատ­կե­րը հե­տե­ւեալն էր՝ քո­ւէ­նե­րուն 99,93 առ հա­րիւ­րին հա­շո­ւար­կէն ետք Ար­դա­րու­թիւն եւ Բար­գա­ւա­ճում կու­սակ­ցու­թիւ­նը ստա­ցած է քո­ւէ­նե­րուն 40,81 առ հա­րիւ­րը (258 ե­րես­փո­խան), ­Հան­րա­պե­տա­կան Ժո­ղո­վուր­դի կու­սակ­ցու­թիւ­նը՝ 25,01 առ հա­րիւ­րը (132 ե­րես­փո­խան), Ազ­գայ­նա­կան շար­ժում կու­սակ­ցու­թիւ­նը՝ 16,33 առ հա­րիւ­րը (81 ե­րես­փո­խան) եւ ­Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան կու­սակ­ցու­թիւ­նը՝ 13,06 առ հա­րիւ­րը (79 ե­րես­փո­խան):

Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան կու­սակ­ցու­թեան հա­մա­նա­խա­գահ ­Սե­լա­հեթ­թին ­Տե­միր­թաշ յայ­տա­րա­րեց, որ «­Թուր­քիոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ընտ­րու­թիւն­նե­րուն իբ­րեւ ար­դիւնք միայն ­Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան կու­սակ­ցու­թիւ­նը չէ որ յաղ­թեց, այլ նաեւ յաղ­թե­ցին ­Թուր­քիոյ մէջ ապ­րող բո­լոր փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը՝ ա­լե­ւի­նե­րը, լա­զե­րը եւ հա­յե­րը… »: