Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

altՊոլ­սոյ Պո­ղա­զի­չի հա­մալ­սա­րա­նի Կա­նանց Ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու Ա­կում­բը բե­մադ­րած է պոլ­սա­հայ գրող Զա­պէլ Ե­սա­յեա­նի մա­սին ներ­կա­յա­ցում մը: Թր­քա­կան «Ozgur-gundem» լրա­տո­ւա­կան կայ­քի հա­ղոր­դու­մով՝ «­Զա­պէլ» խո­րա­գի­րով բե­ մադ­րու­թիւ­նը ներ­կա­յա­ցո­ւած է մշա­կու­թա­յին բազ­մա­զա­նու­թեան օ­րե­րու ըն­թաց­քին:

Ըստ Ermenihaber.amի՝ Պո­ղա­զի­չի հա­մալ­սա­րա­նի թա­տե­րաս­րա­հին մէջ բե­մադ­րո­ւած ներ­կա­յա­ցու­մը Յու­նիս 2ին ցու­ցադ­րո­ւած է նաեւ Ե­րե­ւա­նի մէջ:

Զա­պէլ Ե­սա­յեան ծնած է 1878 թո­ւա­կա­նին Իս­կիւ­տա­րի մէջ: Յա­ճա­խած է Սոր­պո­նի հա­մալ­սա­րա­նի գրա­կա­նու­թեան եւ փի­լի­սո­փա­յու­թեան բա­ժամ­նուն­քը: Ե­սա­յեան 1908 թո­ւա­կա­նին վե­րա­դար­ձած է Կ.­Պո­լիս, Ա­տա­նա­յի ջար­դե­րու ա­ռի­թով ստեղ­ծո­ւած պա­տո­ւի­րա­կու­թեան կազ­մին մէջ 1909 թո­ւա­կա­նին մեկ­նած է Կի­լի­կիա, Հ.Յ.Դ. պաշ­տօ­նա­թերթ «Ա­զա­տա­մարտ» թեր­թին մէջ տպագ­րած է յօ­դո­ւած­ներ ա­ղէ­տին մա­սին: 1915ին կրցած է խոյս տալ ձեր­բա­կա­լու­թե­նէ եւ ա­պաս­տա­նած է Թիֆ­լիս: 1918 թո­ւա­կա­նին Մեր­ձա­ւոր եւ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի եր­կիր­նե­րու մէջ կազ­մա­կեր­պած է հայ տա­րա­գիր­նե­րու եւ ող­բե­րու հա­ւաք­ման ու տե­ղա­ւոր­ման գոր­ծը: 1933 թո­ւա­կա­նին հաս­տա­տո­ւած է Խորհր­դա­յին Հա­յաս­տան: 1936 թո­ւա­կա­նին գրող­նե­րու միու­թեան մէջ իր ե­լոյ­թին յա­ջոր­դած է այդ տա­րի­նե­րուն զան­գո­ւա­ծա­յին դար­ձած չա­րա­գու­շակ ե­րե­ւոյ­թը` չսպա­սո­ւած ժա­մին դրան թա­կո­ցը, ա­պա եւ ձեր­բա­կա­լու­թիւ­նը: Պա­քո­ւի բան­տէն գրո­ղին գրած նա­մակ­նե­րը խօ­սուն են՝ նոյն տո­կուն, խի­զախ կե­ցո­ւած­քը: Ա­նոր կեան­քի ող­բեր­գա­կան ա­ւար­տը՝ ող­բեր­գա­կան մա­հո­ւան հան­գա­մանք­նե­րը մին­չեւ այժմ ան­յայտ են: 1937ի ստա­լի­նեան բռնաճն­շում­նե­րու ըն­թաց­քին Զ. Ե­սա­յեան ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցաւ եւ Սի­պիր աք­սո­րո­ւե­լով մա­հա­ցաւ 1942ին կամ 1943ին, ան­յայտ պայ­ման­նե­րու մէջ: