Պոլսահայ յայտնի մտաւորական, լեզուաբան Սեւան Նշանեան, որ երկար ժամանակ թրքական բանտի մէջ է, յայտնած է, որ յառաջիկային կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն կ’աջակցի ընդդիմադիր քրտա կան Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան:
Այտըն Ենիփազար փակ տեսակի բանտին մէջ դեռ արգելափակուած պոլսահայ մտաւորականի «Թուիթեր» պլոքին վրայ յայտնուած է հետեւեալ գրառումը.-
«Բանտին մէջ ըլլալու վատագոյն կողմը այն է, որ Կիրակի օրը հնարաւոր պիտի չըլլայ ձայն տալու Ժողովուրդներու Դեմոկրատական Կուսակցութեան: Դուք իմ տեղս կու տա՞ք»: Թուրքիոյ մէջ հերթական խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Յունիս 7ին: Երկրին մէջ ընտրութեանց պիտի մասնակցի 53 միլիոն 765 հազար 231 մարդ, իսկ արտասահմանի մէջ` 2 միլիոն 867 հազար 658: Ընտրութեանց ներգրաւուած են 20 կուսակցութիւն ու պատգամաւորութեան 165 անկախ թեկնածու: