Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Ատր­պէյ­ճա­նի Քա­րիւ­ղի Պե­տա­կան Ըն­կե­րու­թիւ­նը գաղտ­նա­բար վճա­րած է ա­մե­րի­կա­ցի 10 քոնկ­րե­սա­կան­նե­րու եւ ա­նոնց անձ­նա­կազ­մի 32 ան­դամ­նե­րուն դէ­պի Պա­քու ճամ­բոր­դու­թեան բո­լոր ծախ­սե­րը, հոն 2013ին կա­յա­ցած Կաս­ պից Ծո­վու հար­ցե­րուն նո­ւի­րո­ւած գի­տա­ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցե­լու հա­մար:

Ըստ Tert.amի, որ կը վկա­յա­կո­չէ «Ո­ւա­շինկ­թըն Փոսթ»ը՝ օ­րէնս­դիր­նե­րը եւ ա­նոնց անձ­նա­կազ­մի ան­դամ­նե­րը հա­րիւր հա­զա­րա­ւոր տո­լար ստա­ցած են ճամ­բոր­դա­կան ծախ­սե­րուն հա­մար, ինչ­պէս նաեւ՝ մե­տաք­սեայ վզնոց­ներ, բիւ­րե­ղա­պա­կեայ սպաս­ներ եւ ատր­պէյ­ճա­նա­կան գոր­գեր՝ 2500-10,000 տո­լար ար­ժո­ղու­թեամբ: Հա­շիւ­նե­րը ցոյց կու տան, որ քոնկ­րե­սա­կան­նե­րու ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը ար­ժած է 112.899 տո­լար:

Քոնկ­րե­սի ան­կախ քննչա­կան ճիւ­ղը հան­դի­սա­ցող Քոնկ­րե­սա­կան Բա­րո­յա­կար­գի Գ­րա­սե­նեա­կի 70 էջ­նոց զե­կոյ­ցին հա­մա­ձայն՝ Ատր­պէյ­ճա­նի քա­րիւ­ղի «­Սո­քար» պե­տա­կան ըն­կե­րու­թիւ­նը Ա­մե­րի­կա­յի մէջ գոր­ծող ոչ-շա­հու­թա­բեր ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու մի­ջո­ցով 750.000 տո­լար յատ­կա­ցու­ցած է նշեալ գի­տա­ժո­ղո­վին ծախ­սե­րը վճա­րող կող­մին աղ­բիւ­րը ծած­կե­լու հա­մար: