Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

TourkikaNea.gr կայքէջի հաղորդման համաձայն, Թուրքիոյ դատախազութեան կողմէ հալածանքի տակ է Տիարպեքիրի քաղաքապետ Օսման Պայտէմիր՝ ահաբեկչական կազմակերպութեան քարոզչութիւնը կատարած ըլլալու յանցանքով:

Տիարպեքիրի դատախազութեան կողմէ պատրաստուած ամբաստանագրին մէջ նշուած է թէ Պայտեմիր մասնակցած է սպաննուած ահաբեկիչներու թաղման արարողութեանց, նոյնպէս մասնակցած է BDP կուսակցութեան ցոյցերու եւ Օչալանի ի նպաստ հաւաքի մը, ուր ահաբեկչական նպատակներով քարոզչութիւն կատարած է:
Թուրքիոյ հակահաբեկչական օրէնքի հիմամբ պատրաստուած այս ամբաստանագիրը յղուած է դատարան: Յառաջիկայ օրերուն ընթացքին պիտի սկսի Պայտէմիրի դատավարութիւնը: Օրէնքի հիմամբ ան կը դիմագրաւէ 28 տարուան կալանաւորման սպառնալիք:
Պայտէմիր ծանօթ է համարձակ իր ելոյթներուն համար: Ան վերջերս ներկայ գտնուած էր Տիարպեքիրի մէջ Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ բացման արարողութեան, որու նորոգման ծախսերու մեծ մասը ստանձնած է նոյնինքն քաղաքապետութիւնը: