Լրագրողներ ու փրկարարներ մնացին փլատակներուն տակ
Վանի մէջ երէկ գիշեր տեղի ունեցած երկրաշարժի հետեւանքով, երկու տասնեակէ աւելի շինութիւններ փլուզած են, ինչպէս նաեւ «Պայրամ» եւ «Ասլան» հիւրանոցները, ուր իջեւանած էին օտար լրագրողներն ու փրկարարները, որ աղէտեալներու օգնութեան հասած էին: