Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան կրկին ցնցիչ արտայայտութիւններ ունեցած է, այս անգամ ալ Ղազախստան այցելութենէն առաջ: Ապրիլ 15ին, նախքան ճամբորդութիւնը, երբ դեռ Եւրոպական Խորհրդարանը չէր քուէարկած Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւը, այդ քուէարկու թեան հաւանական արդիւնքին մասին լրագրողներու հարցումին պատասխանելով՝ Թուրքիոյ նախագահը ըսած է.-
«Ինչպիսի՞ որոշում կը կայացընեն՝ չեմ գիտեր։ Ազգովին թէ զանգուածային լրատու միջոցներու մակարդակով, չեմ գիտեր ինչո՞ւ միշտ պաշտպանողական դիրքեր կ՚որդեգրենք։ Ես, որպէս հանրապետութեան նախագահ, պաշտպանողական դիրքի մտահոգութիւն չունիմ։ Մեր վրայ գոյութիւն չունի ցեղասպանութեան բիծը, շուքը։ Սա պահուս, երկրիս մէջ քաղաքացիի եւ ոչ-քաղաքացիի կարգավիճակով աւելի քան 100.000 հայ կ՚ապրի։ Արդեօք իրենց երկիրներուն մէջ քանի՞ հայ կայ։ Բացի ատկէ, արդեօք մենք մեր համաքաղաքացի հայերուն նկատմամբ միւս քաղաքացիներէն տարբեր վերաբերում ցուցաբերա՞ծ ենք»։
«Հոս կան հայեր, որոնք երկրին քաղաքացիները չեն եւ կրնանք զանոնք արտաքսել, բայց չենք ըներ»։
Ապա, Էրտողան շարունակած է՝ հարց տալով.- «Սա պահուս, մեր երկրին մէջ ապրող հայ քաղաքացիները կրօնական կամ կենցաղային ի՞նչ հարց ունին։ Հոս կան հայեր, որոնք երկրին քաղաքացիները չեն եւ կրնանք զանոնք արտաքսել բայց չենք ըներ։ Վանի Աղթամարի եկեղեցւոյ ամբողջ վերանորոգումը կատարուեցաւ պետութեան կողմէ։ Մենք կը հիւրընկալենք իրենց երկիրներէն փախուստի դիմած հայերը։ Այսպիսի վերաբերում ցուցաբերող երկրի մը համար անկարելի է ըմբռնել իր նկատմամբ վերապահուող նման կեցուածք»։ Էրտողան եզրափակած է՝ ըսելով.- «Եւրոպական Խորհըրդարանը կրնայ կայացնել իր ուզած որոշումը. մեր մէկ ականջէն կը մտնէ ու միւսէն կ՚ելլէ»։