Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Թուր­քիոյ վար­չա­պե­տի գլխա­ւոր խորհր­դա­կան Է­թիէն Մահ­ճու­պեան, թրքա­կան «­Քա­րար» լրա­տո­ւա­կայ­քին տո­ւած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ, անդ­րա­դար­ձած է Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կին նո­ւի­րո­ւած Վա­տի­կա­ նեան Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին Ֆ­րան­սիս Պա­պի ե­լոյ­թին, ո­րուն ըն­թաց­քին Պա­պը ը­սած էր, թէ 20րդ դա­րու ա­ռա­ջին ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը հա­յե­րուն դէմ կա­տա­րո­ւած է: Է. Մահ­ճու­պեան նշած է, որ մինչ Պոս­նիոյ կամ Տար­ֆու­րի դէպ­քե­րը ցե­ղաս­պա­նու­թիւն կը հա­մա­րո­ւին, ան­կա­րե­լի է պնդել, թէ 1915ի դէպ­քե­րը ցե­ղաս­պա­նու­թիւն չէին: «­Վա­տի­կան իր վրա­յէն նե­տեց հա­րիւ­րա­մեայ հո­գե­բա­նա­կան ծան­րու­թիւ­նը: Հի­մա պէտք է հա­կա­ռակ կող­մէն նա­յիլ հար­ցին եւ ոչ թէ հարց­նել, թէ ին­չո՞ւ է օգ­տա­գոր­ծո­ւած ցե­ղաս­պա­նու­թիւն բա­ռը, այլ՝ թէ ինչ­պէ՞ս Վա­տի­կան 100 տա­րի խու­սա­փած է այդ բա­ռէն: Վա­տի­կա­նը կրնար ա­ւե­լի կա­նուխ ը­նել այդ մէ­կը, բայց չէր ը­րած»:

Ան նշած է նաեւ, որ Պա­պի խօս­քե­րուն մէջ քա­ղա­քա­կան կողմ փնտռե­լը սխալ է, քա­նի որ թէ՛ հա­յե­րուն եւ թէ օ­տար­նե­րուն հա­մար ա­նի­կա ա­ւե­լի շատ հո­գե­բա­նա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նի:

100 տա­րի անց, Պա­պին կող­մէ «ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» բա­ռի օգ­տա­գոր­ծու­մը, ըստ Մահ­ճու­պեա­նի, էա­կան նշա­նա­կու­թիւն չու­նի:

«­Սա­կայն կա­րե­ւո­րը այդ բա­ռը չէ: Կա­րե­ւո­րը ան­ցեա­լէն դա­սեր քա­ղե­լով միա­սին ա­պա­գայ կեր­տելն է: Կա­րե­ւոր է 100 տա­րի ա­ռաջ տե­ղի ու­նե­ցա­ծին միա­սին նա­յիլ: Կա­րե­ւոր է այ­սօր, այս­տեղ ապ­րող մար­դոց ի­րա­րու հասկ­նալն ու հա­ղոր­դակ­ցի­լը»,- ընդգ­ծած է Տա­ւու­թօղ­լո­ւի խորհր­դա­կա­նը: