Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Ապրիլ 24ին Պոլսոյ Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ մայր եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցուի, յայտարարած է Պոլսոյ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ Արք. Աթեշեան, անցեալ Կիրակի, Սուրբ Զատկուայ տօնակատարութեան ընթացքին։
Աթեշեան նշած է, որ 100ամեակի ոգեկոչման արարողութիւնները պիտի կայանան միայն Գում Գափուի մայր եկեղեցւոյ մէջ։
Նկատի առնելով, որ Ապրիլ 23ին Մայր Աթոռ սուրբ Էջմիածնոյ մէջ պիտի կատարուի Ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասման արարողութիւն, Պոլսոյ Մայր եկեղեցիի ոգեկոչումը պէտք է կատարուի այլ ձեւով. սովորական հոգեհանգստեան արարողութեան փոխարէն (հոգեհանգստեան կարգ սուրբերու համար չի կատարուիր) ոգեկոչումը պիտի նմանի Վարդանանց սուրբերուն յիշատակութեան կարգին։ Պատարագը պիտի ձօնուի անոնց յիշատակին ու պիտի հնչեն այս առթիւ ընդունուած շարականներ: