Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

«­Հա­յե­րը ի­րենք են, որ մի­տում­նա­ւոր կեր­պով Ապ­րիլ 24ը յար­մար­ցու­ցած են այն­պէս, որ ա­նի­կա հա­մընկ­նի Կա­լի­փո­լիի ճա­կա­տա­մար­տի տա­րե­դար­ձի օ­րո­ւան», յայ­տա­րա­րած է Թուր­քիոյ նա­խա­գահ Ռե­չեփ Թա­յիփ Էր­տո­ղան, ֆրան­սա­կան «Ֆ­րանս 24» կա­յա­նին տո­ւած հար­ցազ­րոյ­ցին ըն­թաց­քին:
Էր­տո­ղան յի­շե­ցու­ցած է, որ այս տա­րի Թուր­քիան կը նշէ Կա­լի­փո­լիի ճա­կա­տա­մար­տի 100րդ տա­րե­դար­ձը, եւ ա­նոր հա­մար Հա­յաս­տա­նէն ար­տօ­նու­թիւն խնդրե­լու նպա­տակ չու­նի:

«Ա­սի­կա պատ­մա­կան թո­ւա­կան մըն է եւ բա­ցար­ձա­կա­պէս կապ չու­նի Հա­յաս­տա­նի մէջ կա­տա­րո­ւե­լիք մի­ջո­ցա­ռում­նե­րուն հետ: Ճիշդ հա­կա­ռա­կը, ա­նոնք թո­ւա­կա­նը այն­պէս յար­մար­ցու­ցած են, որ ա­նի­կա հա­մընկ­նի մեր թո­ւա­կա­նին հետ», յայ­տա­րա­րած է Էր­տո­ղան: Ան կրկին պնդած է, թէ Հա­յաս­տան-­Թուր­քիա յա­րա­բե­րու­թեանց մէջ, Թուր­քիա միշտ դրա­կան քայ­լը ա­ռած է եւ՝ «խա­ղա­ղու­թեան ձեռք եր­կա­րած, իսկ Հա­յաս­տան եր­բե՛ք չէ ըն­դու­նած խա­ղա­ղու­թեան ձեռ­քը»: