Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Հինգ­շաբ­թի՝ ­Մարտ 19ին, ­Թուր­քիոյ նա­խա­գահ ­Ռե­չեփ ­Թա­յիփ Էր­տո­ղան մաս­նակ­ցած է ­Հա­մաշ­խար­հա­յին Ա. ­Պա­տե­րազ­մի ար­խիւ­նե­րու ցու­ցա­հան­դէ­սի մը բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան, ո­րու ըն­թաց­քին խօսք առ­նե­լով՝ զա­նա­զան նիւ­թե­րու կար­գին անդ­րա­դար­ձած է նաեւ պա­տե­րազ­մա­կան ար­խի­ւա­յին փաս­տա­թուղ­թե­րը բա­նա­լու հար­ցին։ ­Թուր­քիոյ նա­խա­գա­հը՝ ­Հա­յաս­տա­նին ու ­Հայ­կա­կան Ս­փիւռ­քին կոչ ուղ­ղե­լով՝ ը­սած է հե­տե­ւեա­լը.- «­Հայ­կա­կան Ս­փիւռ­քը կը ջա­նայ՝ ցա­ւե­րը կեն­դա­նի պա­հե­լէն ա­ւե­լի՝ մեր երկ­րին վնաս պատ­ճա­ռել։ Ինչ­պէս միշտ եւ ա­մէն տեղ կ­՛ը­սենք, պա­տե­րազ­մի այդ տա­րի­նե­րուն, մեր երկ­րին մէջ եւս ող­բեր­գու­թիւն­ներ պա­տա­հած են։ Ա­նա­տո­լո­ւի մէջ հա­յեր տաս­նեակ հա­զա­րա­ւոր իս­լամ­նե­րու վնաս պատ­ճա­ռած են։ Ա­սոնց փաս­տա­թուղ­թե­րը ու­նինք ի ձե­ռին։ Այդ պնդում­նե­րը պէտք չէ գոր­ծա­ծել որ­պէս քա­ղա­քա­կա­նու­թեան գոր­ծիք։ «Հ­րամ­մե­ցէ՛ք, մեր ար­խիւ­նե­րը բաց են»,- կ­՛ը­սենք։ ­Բո­լոր փաս­տա­թուղ­թե­րը հո՛ս են։ «­Մենք բա­ցինք, դուք ալ բա­ցէք»,- կ­՛ը­սենք։ ­Դուրս հա­նե­ցէք ձեր փաս­տա­թուղ­թե­րը։ ­Պատ­մա­գէտ­ներ, քա­ղա­քա­գէտ­ներ, ի­րա­ւա­գէտ­ներ պաշ­տօ­նի կո­չենք. ա­նո՛նք թող պրպտեն։ «­Բո­լոր եր­կիր­նե­րը, մէկ առ մէկ պտը­տե­լով, բո­լո­րին մէջ ալ դրամ խաղցնե­լով, բա­րո­յա­կա­նէ դուրս ա­րարք­ներ գոր­ծադ­րե­լով, ­Թուր­քիոյ դէմ ո­րո­շում­ներ առ­նել-տա­լով՝ ո՛չ մէկ տեղ կրնաք հաս­նիլ։ Ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րը ար­խիւ­նե­րու մէջ պա­հո­ւած են։ ­Տե­սէ՛ք. ե­թէ պէտք ըլ­լայ բա­նալ մեր բա­նա­կի ար­խիւ­նե­րը, մենք պատ­րաստ ենք այդ ար­խիւ­ներն ալ բա­նա­լու։ ­Սա­կայն մենք մեր կո­չին պա­տաս­խան չենք ստա­նար։ Ին­չո՞ւ։ Ո­րով­հե­տեւ նպա­տա­կը ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րու հաս­նի­լը չէ, նպա­տա­կը՝ ­Թուր­քիոյ վնաս պատ­ճա­ռելն է։

­Մենք պատ­րաստ ենք հա­շիւ տա­լու ա­մէն բա­նի հա­մար։ ­Միայն չմոռ­նանք, որ մեր եր­կի­րի վեր­ջին 100-150 տա­րո­ւան ըն­թաց­քին, մեր գլխուն ալ ե­կած են շատ փոր­ձանք­ներ, ո­րոնց հա­մար մենք ձեզ­մէ հա­շիւ պա­հան­ջե­լու շա՛տ բան ու­նինք»։