Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Թուրք մտա­ւո­րա­կան­ներ դա­տա­պար­տած են ­Կա­լի­փո­լիի նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը եւ կոչ ը­րած են ճանչ­նա­լու ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, ­Մարտ 14-15ին Իզ­մի­րի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած «­Խա­ղա­ղու­թեան եւ ­Ժո­ղովր­դա­վա­ րու­թեան Ե­գէա­կա­նի հա­մա­ժո­ղով»ին ըն­թաց­քին, ո­րուն մաս­նակ­ցած են ­Թուր­քիոյ քա­ղա­քա­ցի շարք մը մտա­ւո­րա­կան­ներ, գրող­ներ եւ ու­սա­նող­ներ:

Քր­տա­մէտ ­Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ­Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ­Կու­սակ­ցու­թեան (HDP) կող­մէ կազ­մա­կեր­պո­ւած հա­մա­ժո­ղո­վին հռչա­կած յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ կը շեշ­տո­ւի, թէ ա­ռանց ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հետ ա­ռե­րե­սո­ւե­լու՝ կա­րե­լի չէ ­Թուր­քիոյ մէջ լու­ծել Քր­տա­կան ­Տագ­նա­պը:

«­Տեր­սի­մի կո­տո­րած­նե­րը, չբա­ցա­յայ­տո­ւած սպա­նու­թիւն­նե­րը, ­Մա­տը­մա­քի, ­Մա­րա­շի, ­Ռո­պոս­քիի կո­տո­րած­նե­րը, զան­գո­ւա­ծա­յին ջար­դե­րը, նոյ­նիսկ երկ­րի սահ­ման­նե­րէն դուրս, օ­րի­նակ՝ ­Ռո­ժա­ւա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցող ո­րոշ ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ մեզ միշտ կը ստի­պեն անդ­րա­դառ­նա­լու 1915ին»,- ը­սո­ւած է յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ: Հա­մա­ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին, ­Թուր­քիոյ ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ շարք մը ա­ռա­ջարկ­ներ կա­տա­րո­ւած են: Օ­րի­նակ՝ ա­ռա­ջար­կո­ւած է ­Սեպ­տեմ­բեր 9ը յայ­տա­րա­րել սու­գի օր, քա­նի որ այդ օ­րը Իզ­մի­րի քրիս­տո­նեա­նե­րու զան­գո­ւա­ծա­յին կո­տո­րա­ծի օրն է: ­Նաեւ ա­ռա­ջար­կո­ւած է Իզ­մի­րի ­Թա­լէաթ փա­շա ա­նո­ւան պու­րա­կը վե­րա­նո­ւա­նել իզ­միր­ցի հայ ե­րա­ժիշտ ­Տիգ­րան ­Չու­խա­ճեա­նի ա­նու­նով: Յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ նաեւ ը­սո­ւած է.- «­Մենք ա­մօ­թա­լի կը հա­մա­րենք եւ կը դա­տա­պար­տենք այն, որ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան են­թար­կո­ւած­նե­րու սու­գի օ­րը՝ Ապ­րիլ 24ը, վե­րա­ծուած է տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն դար­ձած ­Կա­լի­փո­լիի յաղ­թա­նա­կի Օ­րո­ւան, ա­ռա­ւել եւս՝ այն, որ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը հրա­ւի­րո­ւած է այդ մի­ջո­ցա­ռում­նե­րուն»: