Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

­

Պոլ­սոյ ­Պիլ­կի հա­մալ­սա­րա­նի ըն­կե­րա­յին գի­տու­թիւն­նե­րու հիմ­նար­կի փրո­ֆե­սոր Այ­հան Աք­թար հա­մո­զո­ւած է, որ ե­թէ ­Չա­նաք­քա­լէի ճա­կա­տա­մար­տին Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան յաղ­թա­նա­կը չըլ­լար, հա­յե­րը տե­ղա­հա­նե­լու ո­րո­շու­մը չէր կա­ յա­նար: Այս մա­սին կը հա­ղոր­դէ Tert.amը:

Ան ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կի օ­րը հա­մա­րո­ւող Ապ­րիլ 24ը ­Չա­նաք­քա­լէի յաղ­թա­նա­կի օր հռչա­կե­լը ցա­ւե­րով մրցե­լու քայլ կ­՛ո­րա­կէ:

­Չա­նաք­քա­լէի մար­տե­րուն մաս­նակ­ցող հա­յե­րու գո­յու­թեան մա­սին բարձ­րա­ձայ­նած թուրք գիտ­նա­կա­նը պատ­մած է, թէ քննա­դա­տա­կան ինչ­պի­սի՜ ար­շա­ւի հան­դի­պած է՝ հայ սպայ ­Սար­գիս ­Թո­րո­սեա­նի մա­սին ա­ռա­ջին ան­գամ Taraf պար­բե­րա­կա­նին մէջ հրա­պա­րա­կած իր յօ­դո­ւա­ծէն ետք:

Ան անդ­րա­դար­ձած է նաեւ ­Ռե­ճեփ ­Թա­յիպ Էր­տո­ղա­նի կող­մէ հա­յե­րուն ուղ­ղո­ւած ան­ցեալ տա­րո­ւան ցա­ւակ­ցա­կան ու­ղեր­ձին եւ զայն ա­նակն­կալ ո­րա­կած է:

«Այդ ցա­ւակ­ցա­կան ու­ղեր­ձը ա­նակն­կալ էր: ­Հայ­կա­կան թե­զե­րուն հա­մա­ձայն` մա­հա­ցած հա­յե­րը, մեր զի­նո­ւոր­նե­րուն նման, ե­ղա­նա­կա­յին պայ­ման­նե­րու, տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ տա­րա­ծո­ւած հի­ւան­դու­թիւն­նե­րու հե­տե­ւան­քով մա­հա­ցած էին: ­Նոյ­նիսկ այդ թե­զե­րուն մա­սին գիր­քեր գրո­ւած են: ­Սա­կայն շատ ջու­րեր հո­սած են, եւ վար­չա­պետ Էր­տո­ղան ան­ցեալ տա­րի ցա­ւակ­ցե­ցաւ: Ե­թէ ցա­ւակ­ցու­թիւն կայ, ա­պա ա­տի­կա կը նշա­նա­կէ, որ մա­հեր ար­ձա­նագ­րո­ւած են»,- ը­սած է ան:

Ան չէ բա­ցա­ռած, որ այդ քայ­լե­րուն յա­ջոր­դող քայ­լեր պի­տի ըլ­լան, ստի­պո­ւած են ըլ­լա­լու: «­Գոհ ենք, թէ ոչ, 2002էն ետք երկ­րին մէջ ժո­ղովր­դա­վա­րաց­ման գոր­ծըն­թաց տե­ղի ու­նե­ցած է: Ա­տի­կա այժմ կրնայ շա­տե­րուն ան­հանգս­տու­թիւն պատ­ճա­ռել, ­մենք 2005ին ոս­տի­կան­նե­րու հսկո­ղու­թեամբ հա­մա­ժո­ղով ի­րա­կա­նա­ցու­ցինք, իսկ 2015ի Ապ­րիլ 24ին ­Թաք­սի­մի մէջ հա­զա­րա­ւոր մար­դիկ պի­տի ըլ­լան»:

Անդ­րա­դառ­նա­լով հար­ցին, թէ այդ յա­ջո­ղո­ւած ժա­մա­նա­կա­հա­տո­ւա­ծին յետ-քայ­լեր տե­ղի կ­՛ու­նե­նան, ինչ­պէս, օ­րի­նակ, հայ-թրքա­կան ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը, թուրք փրո­ֆէ­սո­րը ը­սած է.- «­Ցա­ւօք, քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը ոչ թէ շի­տակ, այլ զիգ­զա­գա­ձեւ քայ­լե­րէ բաղ­կա­ցած է: Ահ­մեթ ­Տա­ւու­թօղ­լու, ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան դի­ւա­նա­գէտ­ներն ու Ապ­տուլ­լահ ­Կիւլ Ար­ձա­նագ­րու­թիւն­ներ կազ­մած էին, ա­տոր հա­մար գաղտ­նի հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցած էին: Ար­ձա­նագ­րու­թիւն­ներ ստո­րագ­րո­ւած են: ­Ֆուտ­պո­լա­յին դի­ւա­նա­գի­տու­թիւ­նը օ­րա­կարգն էր: ­Սա­կայն Էր­տո­ղան ա­մէն ինչ ջնջեց: Ատր­պէյ­ճա­նի նաւ­թա­յին քա­րոզ­չու­թե­նէն ազ­դո­ւե­լով` Ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը աղ­բարկղ նետուե­ցան: ­Սա­կայն ա­մէն պա­րա­գա­յի դրա­կա­նը տես­նել պէտք է»: Ան նշած է, որ այդ զար­գաց­ման հար­ցով կա­րե­ւոր ե­ղած է լրագ­րող Հ­րանդ ­Տին­քի դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը:

«­Մեր սի­րե­լի Հ­րանդ ­Տին­քի մա­հը ա­նոր ըն­կեր­նե­րուն` մե­զի հա­մար մեծ ցնցում էր: Այս հար­ցին շուրջ զգա­յու­նու­թիւ­նը ա­նոր մա­հո­ւը­նէ ետք շատ ա­ւել­ցաւ: Ես 1915ի հար­ցով սկսայ զբա­ղիլ ­Տին­քի սպա­նու­թե­նէն ետք: Օս­մա­նեան բա­նա­կի հայ սպա­նե­րու մա­սին ու­րիշ­ներն ալ կրնա­յին գրել, սա­կայն ա­տի­կա ար­դէն իմ պար­տա­կա­նու­թիւնս էր»,- ը­սած է ան:

­Թուրք գիտ­նա­կա­նը նշած է, որ ա­պա­գա­յի ա­ռու­մով ին­քը այն­քան ալ մեծ ակն­կա­լիք­ներ չու­նի: