Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

«Շփ­ման գի­ծին վրայ ի­րա­վի­ճա­կը կը շա­րու­նա­կէ լա­րո­ւած մնալ, սա­կայն Յու­նո­ւա­րի վեր­ջա­ւո­րու­թե­նէն ի վեր դրու­թիւ­նը կա­յու­նա­ցած է: Մենք կող­մե­րուն կոչ կ­՛ը­նենք պահ­պա­նե­լու հրա­դա­դա­րը՝ յօ­գուտ խա­ղաղ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու բա­րեն­պաստ հող ստեղ­ծե­լու հա­մար»,- ատր­պէյ­ճա­ նա­կան «Էյ.­Փի.Էյ.» լրա­տու գոր­ծա­կա­լու­թեան հետ զրոյ­ցի մը ըն­թաց­քին յայ­տա­րա­րած է Ե.Ա.Հ.Կ. Մինս­կի Խմ­բա­կի ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գահ Ճէյմզ Ո­ւոր­լիք:

«­Հան­դի­պում­նե­րու ժա­մա­նակ նա­խա­գահ­նե­րը հաս­տա­տած են հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման հե­տե­ւե­լու ի­րենց պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը եւ յայ­տա­րա­րած են, թէ նկա­տի կ­՛առ­նեն հրա­դա­դա­րը ամ­րապըն­դե­լու շուրջ ա­ռա­ջարկ­նե­րը: Մենք յոյս ու­նինք, որ կող­մե­րը այդ եւ մնա­ցեալ հար­ցե­րուն շուրջ հա­մա­ձայ­նու­թեան կը հաս­նին»,-նշած է միջ­նորդ պաշ­տօ­նա­տա­րը:

Հա­մա­նա­խա­գա­հը ընդգծած է նաեւ, որ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցին մէջ պէտք է նկա­տի առնուին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի բնակ­չու­թեան շա­հե­րը: «­Ճիշդ այդ պատ­ճա­ռով, հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը կ­’այ­ցե­լեն Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ եւ կը հան­դի­պին փաս­տա­ցի ղե­կա­վար­նե­րու եւ հա­մայն­քի այլ ան­դամ­նե­րու հետ»,- ը­սած է Ո­ւոր­լիք եւ ա­ւել­ցու­ցած, թէ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու մա­կար­դա­կով հան­դի­պում կը ծրագ­րո­ւի։ «­Հա­կա­ռակ ա­նոր, որ մենք կ­’ող­ջու­նենք նման հան­դի­պում­նե­րը, այդ ո­րո­շու­մը պէտք է կա­յաց­նեն ի­րե՛նք՝ նա­խա­րար­նե­րը»,- նշած է ան:

«2014ի Հոկ­տեմ­բե­րին կա­յա­ցած փա­րի­զեան հան­դիպ­ման ժա­մա­նակ, նա­խա­րար­նե­րը յայ­տա­րա­րե­ցին, թէ այս տա­րի կ­’ու­զեն զար­գաց­նել երկ­խօ­սու­թիւ­նը: Հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու տա­րա­ծաշր­ջան կա­տա­րած վեր­ջին այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին, նա­խա­գահ­նե­րը պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նե­ցին այս տա­րի եւս հան­դի­պում կազ­մա­կեր­պե­լու: Մենք կը ջա­նանք կող­մե­րուն մի­ջեւ տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րը նո­ւա­զեց­նել եւ նա­խա­գահ­նե­րու հեր­թա­կան հան­դիպ­ման օ­րա­կար­գը մշա­կել»,- եզ­րա­փա­կած է Ո­ւոր­լիք: