Քարիւղի գիներուն վերջին շրջանին արձանագրած շեշտակի անկումը լրջօրէն կը սպառնայ Ատրպէյճանի տնտեսութեան: Ատոր որպէս ազդանշան՝ Կասպից ծովուն մէջ գործունէութիւն ծաւալող քարիւղի ընկերութիւններու մեծ թիւով բանուորներ գործազրկուած են: Մինչ կը սպասուի աւելի զանգուածային գործազրկումներու, այդ բանուորներու բանբերը՝ Մ. Ղահրամանլի դատապարտած է խնդրոյ առարկայ ընկերութիւնները, ըսելով որ կ’օգտուին իրադրութենէն, թեթեւցնելու համար իրենց անձնակազմերը:
Տնտեսագէտներու կարծիքով, ներկայ իրավիճակը ծանրօրէն պիտի ազդէ ատրպէյճանական տնտեսութեան վրայ, պիտի ծաւալին ընկերային շարժումներ: Այդպիսի պայմաններու մէջ, արդեօ՞ք նախագահ Ալիեւ պիտի փորձէ վերստին հրահրել արցախեան պատերազմը՝ ժողովուրդին ուշադրութիւնը շեղելով...