Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Ատրպէյճանի մէջ կ'աճի Միացեալ Նահանգներու նկատմամբ թշնամութիւնը: New York Times-ի մէջ այս նիւթին մասին լոյս տեսած յօդուածին մէջ կը նշէ ամերիկացի լրագրող Ճօշուա Քուչէրա՝ վերլուծելով այդ երկրին մէջ տիրող իրավիճակը:
Յօդուածագիրը անդրադարձ կատարելով ԱՄՆ-ի կողմէ գանձատրուող «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի նախ լրագրողուհիին՝ Խաթիճա Իսմայլովայի կեղծ պատճառաբանութիւններով ձերբակալութեան, ապա Դեկտեմբեր 26ին ատրպէյճանական ոստիկանութեան կողմէ նոյն ձայնասփիւռի Պաքուի գրասենեակին շատ բիրտ խուզարկութեան, կÿըսէ թէ ատիկա այլախոհութեան դէմ արարք մը ըլլալէ զատ ԱՄՆ-ի դէմ առնուած քայլ մըն է:
Ճ. Քուչէրա կը գրէ, թէ Ատրպէյճան շատ ձեռնտու աշխարհաքաղաքական դիրք ունի եւ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն եւ այդ երկրին անկախացումէն ետք, Պաքու Միացեալ Նահանգները կը նկատէր ռազմավարական իր գլխաւոր գործընկերներէն մէկը: Ուաշինկթընի հետ միասին Պաքու կը փորձէր կոտրել Ռուսաստանի ուժանիւթի բնագաւառի մենաշնորհը տարածաշրջանին մէջ աջակցելով դէպի Թուրքիա նաւթատարներու եւ կազատարներու կառուցման: Լրագրողը կ'աւելցնէ թէ Ատրպէյճան նաեւ առանցքային տարանցիկ երկիր է դէպի Աֆղանիստան բեռներու փոխադրութեան տեսանկիւնէն: Պաքուի ղեկավարութիւնը նաեւ սերտ կապեր հաստատած է Իսրայէլի հետ, որոնք հիմնուած են գլխաւորաբար զէնքի եւ նաւթի առեւտուրի վրայ:
Ապա կը գրէ, թէ հակառակ անոր որ 2009ին ԱՄՆ-ն Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքականութիւնը բնորոշած էր որպէս «գործնական, զուսպ եւ Արեւմուտքի համարկումի պատշաճ թեքումով», Ռուսաստանի արտաքին նոր քաղաքականութեան եւ Եւրասիոյ մէջ ռազմավարական իրավիճակին փոփոխութեան պատճառով Պաքու վերանայած է իր հայեացքները, թէ արդեօք Արեւմուտքի հետ կապերը կը նպաստե՞ն իր սեփական նպատակներու յաջողութեան:
Քուչէրա կ'ոգեկոչէ նաեւ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի վրայ յարձակումին նախորդած շրջանին խիստ հակարեւմտեան հռետորութեան ամիսները: «Այդ երկրին բարձրաստիճան պաշտօնեաները մեղադրեցին, կը գրէ, ԱՄՆ-ի դեսպանը իրենց ներքին գործերուն կոպտօրէն միջամտելու յանցանքով, իսկ Շուէտի Արտաքին գործոց նախկին նախարար Քարլ Պիլտը ամբաստանեցին ԱՄՆ-ի ի նպաստ լրտեսութիւն կատարելու մեղադրանքով»։
Կը յիշեցնէ նաեւ թէ Դեկտեմբերի սկիզբը Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Ռամիզ Մեհտիեւ երկարաշունչ յօդուած մը հրապարակեց, ուր կը պնդէր, որ ամերիկեան CIA-ն յետխորհրդային երկիրներուն մէջ գունաւոր յեղափոխութիւններ կը նախապատրաստէ: Բացի ատկէ, ան մարդկային իրաւանց ատրպէյճանցի պաշտպաններն ալ անուանեց ԱՄՆ-ի «5րդ շարասիւն»ը: «Պաքուի գլխաւոր քննադատութիւնը այն է, որ Ուաշինկթըն հանրային կազմակերպութիւններու միջոցով կը փորձէ ապակայունացնել Ատրպէյճանը» կը գրէ յօդուածագիրը:
Ապա կ'եզրակացնէ. «Պաքուի հակամերիկեան հռետորութիւնը նորութիւն չէ, սակայն անոր ներկայիս արձանագրած աշխուժացումը եւ քրեմլինեան թեզերու յենումը կը վկայեն, որ Ատրպէյճան կը թեքի դէպի Մոսկուայի կողմը»։ Լրագրողը շարունակելով կը գրէ. «Բայց Ուաշինկթընի համար անհեռատեսութիւն կ'ըլլայ զոհել իր սկզբունքները յանուն Ռուսաստանի նկատմամբ իր ծրագիրներուն։ Եթէ Ուաշինկթըն ի վիճակի չըլլայ պաշտպանելու ժողովրդավարութիւնը եւ մարդկային իրաւունքները, ներառեալ իր սեփական «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի իրաւունքները, ԱՄՆ-ը այնուհետեւ կը թուի թոյլ եւ իր հեղինակութիւնն է որ կը տուժէ իր դաշնակիցներու աչքին»։