“քաղաքացիութիւն ձեռք ձգեցէք, որպէսզի քուէարկէք” կ’ըսէ թուրք նախարարը
Թրքական «Հապէր 3» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւթ Չաւուշօղլու Փարիզի մէջ թուրք համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին նշած է, որ համայնքը իր ուժը ցուցադրած է Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը պատժելի դարձնելու միտող օրինագիծին դէմ բողոքի ընթացքին:
«Այսպէս կոչուած Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը պատժելի դարձնող օրինագիծին դէմ թուրք համայնքի ուժը ցուցադրեցիք։ Ատիկա մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ եւ Ֆրանսացիներն ալ զարմացան։ Անոնք առաջին անգամ ըլլալով զգացին այդքան ուժեղ թրքական համայնքի գոյութիւնը», ըսած է ան:
Չաւուշօղլու նշած է, որ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան կարեւորագոյն կէտերէն մէկը արտասահմանի մէջ բնակող քաղաքացիներուն խնդիրները չանտեսելն է: