Յուլիս 7ին նախատեսուած Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն կը մասնակցին նաեւ հայեր: Ըստ «Արցախ-փրես»ի, որ կը վկայակոչէ «Ակօս» պարբերականը` արդէն աւարտած է իշխող «Արդարութիւն եւ Զարգացում», ընդդիմադիր Ժողովրդային-Հանրապետական եւ Ժողովուրդներու Դեմոկրատական կուսակցութիւններէն պատգամաւորի թեկնածութեան դիմումներ ներկայացնելու ժամկէտը: Հայերը հիմնականօրէն իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած են քրտական Ժողովուրդներու Դեմոկրատական Կուսակցութենէն: Ամենայն հաւանականութեամբ, սոյն կուսակցութեան պատգամաւոր դառնայ Եշիլքոյի հայկական դպրոցի հիմադիր-ներկայացուցիչ Կարօ Փոլատեան: Պատգամաւորի թեկնածուներէն են նաեւ Մուշի Հայկական Միութեան փոխ-նախագահ Նուարդ Պաքըրջըօղլու եւ օճառագործ Զեքերիա Սապունջու: Ժողովրդային-Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ իր թեկնածութիւնը առաջադրած է Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի ղեկավար եւ հայ կաթոլիկ համայնքի հոգեւոր առաջնորդ Լեւոն Զեքիեանի հասարակայնութեան հետ կապերու պատասխանատու Թալին Էրկիւնեշ, որ ընտրուելու պարագային պիտի դառնայ Թուրքիոյ խորհրդարանի առաջին հայ կին պատգամաւորը: Էրտողանի «Արդարութիւն եւ Զարգացում» կուսակցութենէն երկու հայու թեկնածութիւն առաջադրուած է.- լրագրող Մարգար Եսայեան եւ Ս. Փրկիչ հիւանդանոցի նախագահի օգնական Հերման Պալիյեան: Նշենք, որ պատգամաւորի թեկնածութեան դիմումները ամենաշատը ներկայացուած են Էրտողանի կուսակցութենէն` 6223 մարդ: