Թուրքիա իր ուժերը պիտի լարէ՝ նախապատրաստուելով 2015ին համար
Թրքական «Աքշամ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ 2011-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ցուցակէն ընտրուած երեսփոխան, տխրահռչակ հակահայ պատմաբան Եուսուֆ Հալաճօղլու արդէն նոր գործի լծուած է:
Թուրքիոյ պատմագիտական ընկերութեան նախկին նախագահ Եուսուֆ Հալաճօղլու կը պատրաստուի Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ լոպի ստեղծել:
Կը նշուի, որ նոր կազմուելիք կառոյցը պիտի ղեկավարէ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչեք, որ նոյնպէս յայտնի է իր հակահայ խիստ յայտարարութիւններով:
Հալաճօղլու նշած է, որ կը մօտենայ 2015-ը, եւ հայերուն դէմ դնելու համար պէտք է քայլերու ձեռնարկել: «Այս նիւթը կուսակցական խնդիրներէ վեր է: Հայերը կը պատրաստուին 1915-ի 100- ամեակին: Մեր խորհրդարանի կուսակցութիւնները միջազգային հարթութեան վրայ անհրաժեշտ աշխատանքներ կրնան կատարել», ըսած է Եուսուֆ Հալաճօղլու: