Պոլսոյ դատարանը 10 հազար լիրա (4 հազար տոլար) տուգանքի վճիռ արձակեց նախագահ Էրտողանի դէմ, հայ-թրքական հաշտութեան նուիրուած արձանը վիրաւորելու համար։ Յիշեցնենք, որ Թայիպ Էրտողան «հրէշաւո ր» անուանած էր արձանը, որ քանդակուած էր Մէհմէտ Աքսոյի կողմէ եւ նուիրուած էր հայ-թրքական յարաբերութիւնները բնականոն դարձնելուն։
Էրտողան իր ժխտական դիրքորոշումը «Մարդկութեան Յուշարձան»ին հանդէպ արտայայտած էր 2011ին, երբ արձանը կը կանգնեցուէր Կարսի մէջ։
Թուրքիոյ նախագահը, որ այդ տարիներուն վարչապետ էր, յորդորած ու դրդած էր տեղական իշխանութիւնները, որ կազմաքանդեն յուշարձանը։ Այդ զարգացումներէն ետք քանդակագործ Աքսոյ դատ բացած էր նախագահ Էրտողանի դէմ՝«վիրաւորանք»ին համար։ Այժմ դատարանը կը պահանջէ, որ Էրտողան դրամական հատուցում կատարէ Աքսոյին՝ պատճառած բարոյահոգեբանական վնասին համար։