Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւնները համակարգող պետական յանձնաժողովի որոշմամբ ստեղծուած armeniangenocide100.org կայքը արգիլուած է Թուրքիոյ մէջ:
Այս օրերուն Թուրքիա գտնուող տեղեկատուական արհեստագիտութեան անվտանգութեան ոլորտի մասնա գէտ Սամուէլ Մարտիրոսեան եւս հաստատած է Թուրքիոյ մէջ կայքին արգիլուած ըլլալը։ Մասնագէտը փորձած է այնտեղէն մտնել կայք, սակայն ապարդիւն: Աւելի՛ն, Մարտիրոսեան տեղեկացուցած է, որ Թուրքիոյ մէջ արգիլուած է նաեւ իր անձնական պլոկի հասանելիութիւնը:
Յատկանշական է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի շեմին Թուրքիան կեղծ քարոզչական թեզերով փորձ կ՛ընէ միջազգային հանրութիւնը մոլորելցնելու՝ խօսելով «ընդհանուր ցաւի եւ 1915 թուականի իրադարձութիւններու քննարկամ համար բաց ըլլալու» մասին, իսկ սեփական իր քաղաքացիներն ու Թուրքիոյ տարածքին գտնուողները կը զրկէ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ այլընտրանքային, փաստարկուած տեղեկատուութիւն ստանալու կարելիութենէն: Թրքական իշխանութիւններու այս քայլը ոչինչ է, եթէ ոչ խօսքի ազատութեան եւ տեղեկատուութեան ազատ ստացման հիմնարար իրաւունքներու կոպտագոյն խախտում: Թուրքիա ո՛չ միայն կը շարունակէ Ցեղասպանութեան ժխտման քաղաքականութիւնը, այլ նաեւ հաւատարիմ կը մնայ խօսքի եւ մամուլի ազատութեան սահմանափակման իր աւանդական դարձած գործելաոճին, որուն մասին բազում անգամներ խօսուած է մամուլի ազատութեան վերաբերեալ միջազգային զեկոյցներուն եւ գնահատականներուն մէջ: armeniangenocide100.orgը Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախաձեռնութիւններու պաշտօնական կայքն է, անիկա հասանելի է երեք լեզուներով՝ հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն եւ բաղկացած է տարբեր բաժիններէ։