Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած են այսպէս կոչուած «Խոջալուի ցեղասպանութեան» նուիրուած ձեռնարկներ, որոնց ծիրէն ներս երկրի տարբեր վայրերուն մէջ խիստ հակահայկական, խտրական եւ ատելութիւն սերմանող պաստառներ
տարածուած են: Այս մասին կը հաղորդէ Tert.amը:
Թուրք երիտասարդներու խումբ մը վանկարկած են Հրանդ Տինքը սպաննած Օկիւն Սամասթը գովաբանող կարգախօսներ: Աւելի ուշ, երկրի տարբեր քաղաքներուն մէջ, պաստառներ տեղադրած են: Պաստառներուն վրայ գրուած է.- «Կը շնորհաւորենք մեր երկիրը հայերէն մաքրելու 100ամեակը. Կը հպարտանանք մեր փառապանծ նախնիներով»:
Նկարները տեղադրուած են նաեւ համացանցի վրայ:
Համացանցի շատ օգտատէրեր, սակայն, տեղի ունեցածը որպէս 1915ին տեղի ունեցած Ցեղասպանութեան հաստատում ու խոստովանութիւն որակած են: