Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Թուրքիոյ վար­չա­պետի գլխա­ւոր խորհրդա­կան Էթիէն Մահ­չուպեան «Ար­դար յի­շողու­թիւն» նա­խաձեռ­նութեան տո­ւած իր հար­ցազրոյ­ցին մէջ անդրա­դար­ձած է իր պաշ­տօ­նին, Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ամեակին ակնկա­լուող հա­ւանա­կան զար­գա­ցումնե­րուն, Ապ­րիլ 24ին Կա­լիփո­լիի տօ­նակա­տարու­թիւննե­րուն, ինչպէս նաեւ՝ հայ-թրքա­կան յա­րաբե­րու­թիւննե­րուն: Ան նշած է, որ Ահ­մէտ Տա­ւու­թօղլո­ւի գլխա­ւոր խորհրդա­կան դառ­նա­լու առա­ջար­կը ըն­դունե­լու հա­մար, իր­մէ միայն երեք վայրկեան պա­հան­ջո­ւած է:
“Գլխա­ւոր խորհրդա­կան դառ­նալս Հայ­կա­կան Հար­ցին այնքան ալ չ՛առընչո­ւիր, քա­նի որ եթէ ես հայ չըլ­լա­յի, ոչինչ պի­տի փո­խուէր։ Տա­ւու­թօղլո­ւի վե­րաբեր­ումը ին­ծի հան­դէպ, կամ իմ վե­րաբեր­ումը՝ անոր հան­դէպ, պի­տի չփո­խուէր”, ըսած է ան:
Պա­տաս­խա­նելով Թուրքիոյ այդ օրե­րու վար­չա­պետ Էր­տո­ղանի կող­մէ Հա­յերուն ուղղուած ցա­ւակ­ցա­կան ու­ղերձի ան­կեղծու­թեան մա­սին հար­ցումի մը՝ Մահչուպեան ըսած է. “Ցա­ւակ­ցա­կան ու­ղերձի ան­կեղծու­թիւնը բա­ցայայտ էր։ Գո­յու­թիւն ու­նի իս­լա­մական զգա­յուն պե­տու­թիւն մը, որ կը կանգնի ճնշո­ւած­նե­րու կող­քին։ Այս պա­հուն, օրի­նակ, Թուրքիոյ մէջ կայ շուրջ 2 մի­լիոն սու­րիացի գաղ­թա­կան, նե­րառեալ՝ Հա­յեր, քրիս­տո­նեաներ, Քիւրտեր”, յի­շեց­նե­լով նաեւ հիմ­նադրամ­նե­րուն պատ­կա­նած գոյ­քը վե­րադարձնե­լու մա­սին իշ­խանութեան գլուխը գտնուող կու­սակցու­թեան որո­շումնե­րը:
Անդրա­դառ­նա­լով հայ-թրքա­կան յա­րաբե­րու­թիւննե­րուն, ան նշած է, թէ իր կար­ծի­քով՝ այդ առու­մով Թուրքիան փոր­ձած է քայ­լեր առ­նել՝ “հին կա­պանքնե­րէն ազա­տելու հա­մար, սա­կայն, ան­շուշտ, միջ­պե­տական յա­րաբե­րու­թիւննե­րը շտկե­լը այդքան ալ դիւ­րին չէ”, աւելցնե­լով, որ քայ­լե­րը պէտք է երկկող­մա­նի ըլ­լան: Ան նաեւ նշած է, թէ այդ հար­ցը բա­ւական բար­դա­ցած է՝ Ղա­րաբա­ղի հար­ցին պատ­ճա­ռով:
“Այդ պատ­ճա­ռով ալ, կա­րելի չէ զայն կարճ ժա­մանա­կահա­տուա­ծի մը ըն­թացքին լու­ծել։ Միաժա­մանակ, պէտք է բա­ցուի հայ-թրքա­կան սահ­մա­նը, իսկ Ղա­րաբա­ղի հար­ցը՝ Հա­յաս­տա­նի եւ Ատըրպէյ­ճա­նի մի­ջեւ, լուծման փու­լի պէտք է հաս­նի, եւ նոյն ժա­մանակ, երեք եր­կիրնե­րուն մի­ջեւ նոր յա­րաբե­րու­թիւններ պէտք է հաս­տա­տուին։ Այ­սինքն՝ բո­լոր այդ խնդիր­նե­րը նոյն պա­հուն լու­ծե­լու հա­մար, փա­թեթա­յին լու­ծում մը անհրա­ժեշտ է”, ըսած է ան:
Մահ­չուպեան յոյս յայտնած է, որ Ապ­րիլ 24էն ետք հայ-թրքա­կան յա­րաբե­րու­թիւննե­րը աւե­լի հան­գիստ հար­թութիւն կը տե­ղափոխուին: