Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Սու­ճեան­նե­րու ըն­տա­նի­քին պատ­կա­նող հո­ղա­տա­րածք­նե­րու վե­րա­դար­ձին հա­մար սկսած դա­տա­կան պայ­քա­րը ըն­թացք ա­ռած է: Ըստ թրքա­կան «­Տե­մոք­րաթ­հա­պեր»ին՝ թրքա­կան դա­տա­րա­նը ըն­դու­նած է ­Զո­ւարթ ­Սու­ճեա­նի փաս­տա­բան­նե­րուն ներ­կա­յա­ցու­ցած պա­հանջ­նե­րը եւ ըն­ թացք տո­ւած է տա­րած­քին հետ կա­պո­ւած դա­տա­կան գոր­ծըն­թա­ցին: ­Յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն, դա­տա­րա­նը պի­տի հա­ւա­քէ եւ ու­սում­նա­սի­րէ ­Սու­ճեան ըն­տա­նի­քին կող­մէ պա­հան­ջը­ւող տա­րածք­նե­րու սե­փա­կա­նու­թեան փաս­տա­թուղ­թե­րը եւ փաս­տա­բան­նե­րուն ներ­կա­յա­ցու­ցած նիւ­թե­րը, որ­մէ ետք քննու­թիւ­նը պի­տի սկսի:
­Փաս­տա­բան­նե­րը յատ­կա­պէս ու­շադ­րու­թիւն կը հրա­ւի­րեն այն փաս­տին վրայ, որ 1963ին, ­Սու­ճեան­նե­րուն պատ­կա­նող տա­րածք­նե­րուն տի­րա­նա­լու նպա­տա­կով կալո­ւա­ծագ­րա­կան դա­տա­րա­նին դի­մած թուրք գիւ­ղա­ցի­նե­րու պա­հան­ջը մեր­ժո­ւած էր: ­Դա­տա­րա­նը իր ո­րո­շու­մը պատ­ճա­ռա­բա­նած էր ա­նով, որ 40 տա­րի ա­ռաջ, այդ տա­րած­քին սե­փա­կա­նա­տէ­րը դար­ձած էր պե­տա­կան գան­ձա­րա­նը: ­Զո­ւարթ ­Սու­ճեա­նի փաս­տա­բան­նե­րը դա­տա­րա­նին ներ­կա­յա­ցու­ցած են նաեւ կա­լո­ւա­ծագ­րա­կան դա­տա­րա­նի այս ո­րո­շու­մը յայտ­նող փաս­տա­թուղ­թե­րը:
­Սու­ճեան­նե­րուն կող­մէ պա­հան­ջո­ւող տա­րածք­նե­րը ներ­կա­յիս կը գտնո­ւին ­Թուր­քիոյ ­Տիգ­րա­նա­կեր­տի եւ ­Պաթ­մա­նի (պատ­մա­կան ­Սաս­նոյ եւ Ս­ղեր­դի շրջան) մէջ: Ա­նոնց վրայ կա­ռու­ցո­ւած են օ­դա­կա­յան­ներ:
­Տա­րածք­նե­րը կը պատ­կա­նին ­Զո­ւարթ ­Սու­ճեա­նի մօր՝ ­Պաս­մա­ճեան­նե­րու տոհ­մին: Ա­նոնք պե­տու­թեան կող­մէ բռնագ­րա­ւո­ւած են տաս­նա­մեակ­ներ ա­ռաջ:
­Նախ ներ­կա­յա­ցո­ւած էր ­Տիգ­րա­նա­կեր­տի հայ­ցը, իսկ ա­ւե­լի ուշ՝ ­Պաթ­մա­նի տա­րած­քին առն­չո­ւող դա­տա­կան հայ­ցը:
Ն­շենք, որ ­Տիգ­րա­նա­կեր­տի օ­դա­նա­կա­յա­նին գծով, դա­տը 2013ին մեր­ժո­ւած էր, ա­պա վե­րաքն­նու­թեան դի­մում կա­տա­րո­ւած էր: