Թրքական «Today’s Zaman» կայքը հաղորդած է թէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը դադրեցուցած է բոլոր նախապատրաստական աշխատանքները Կալիպոլիի 100ամեակի տօնակատարութեան առնչու թեամբ։ Միջազգային հեղինակութեան ղեկավարներու բացակայութի՞ւնը, թէ՞ 100է աւելի երկիրներու ղեկավարներու ղրկուած հրաւիրագիրներու գծով անտարբերութիւնը՝ պատճառներն են որ թրքական կայքէջը կը վկայակոչէ այս ծրագիրը չեղեալ համարելու գծով, աւելցնելով, որ Անգարա որոշած էր այս տարի - ի տարբերութիւն նախորդներուն - Կալիպոլիի տօնակատարութիւնները նշել Ապրիլ 24ին:
Թուրք պաշտօնեայ մը, որ խնդրած է իր անունը չհրապարակել, հաստատած է, որ տօնակատարութիւնը չեղեալ համարուած է, որովհետեւ ընդամէնը 5 երկիր - ընդհանուր 100 հրաւիրեալ պետութիւններէն - ընդառաջած է հրաւէրին, այն ալ ոչ բարձրագոյն մակարդակի պաշտօնատարներով, մինչ Երեւանի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին կ'ակնկալուի հիւրընկալել պետութիւններու նախագահներ եւ կառավարութիւններու ղեկավարներ:
Յատկանշական է, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ամիսներ առաջ հրաւէրներ ուղարկած էր աշխարհի տարբեր երկիրներու ղեկավարներուն, մասնակցելու Ցեղասպանութեան յիշատակման ձեռնարկներուն, ինչպէս նաեւ հրաւէրով դիմած էր Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանին, որ ամիսներ ետք պատասխանեց հրաւէրին ուրիշ հրաւէրով` Կալիպոլիի 100ամեակի տօնակատարութեան մասնակցելու համար:
Իսկապէս Թուրքիոյ «իմաստուն» քաղաքականութիւնն է… կը թուի, թէ Էրտողան հաւատացած էր, որ Սերժ Սարգսեան կ’ընդունի իր հրաւէրը եւ կը մեկնի Թուրքիա՝ ետին ձգելով տասնեակ ղեկավարներ եւ Հայաստանի մէջ ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի ձեռնարկները:
Որոշ փորձագէտներ այս լուրին հրապարակումը կը գնահատեն իբրեւ արտաքին քարոզչական հնարք:
Տօնը պիտի կայանայ
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հերքած է Today’s Zamanի հրապարակումը, ինչպէս կը յայտնէ Պոլսոյ «Ակօս» թերթին հետ զրոյցի ընթացքին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան անանուն աղբիւր մը:
Today’s Zaman-ը գրած էր, որ Թուրքիա չեղեալ յայտարարած է արարողութիւնը, քանի որ «աշխարհի առաջնորդները չեն ուզեր ստուերել Երեւանի մէջ կայանալիք արարողութիւնները` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին»:
Today’s Zaman-ի լուրը հերքած է նաեւ Daily Sabah թերթը` վկայակոչելով նախագահականի իր աղբիւրները:
Յիշեցնենք, որ մինչեւ 2013-ը Թուրքիա Կալիփոլիի ճակատամարտի տօնակատարութիւնը կը կատարէր Մարտ 18-ին: Ամսաթիւը տեղափոխելով Ապրիլ 24` Թուրքիա ակնյայտօրէն նպատակ ունի ստուերելու Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները, որոնք ինչպէս միշտ, կը նշուին Ապրիլ 24-ին: