Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Թուր­քիոյ ­Պե­տա­կան ­Խոր­հուր­դի ան­դամ, ի­րա­ւա­բան եւ «Անկ­լո­ֆիլ Ըն­կե­րակ­ցու­թեան» հիմ­նա­դիր ­Սաիթ ­Մօլ­լան 1918 թո­ւա­կա­նին սկսած էր հրա­տա­րա­կել «Թր­քա­կան Ս­թամ­պուլ» օ­րա­թեր­թը:

1919ի ­Մարտ 25ին թեր­թը հրա­պա­րա­կած է «­Միու­թիւն եւ ­Յա­ռա­ջա­դի­մու­թիւն» կու­սակ­ցու­թեան (Իթ­թի­հատ) կեդ­րո­նա­կան գրա­սե­նեա­կի` ­Յա­տուկ ­Յանձ­նա­ժո­ղո­վին յանձ­նա­րա­րա­կան նա­մա­կը: ­Նա­մա­կը կը վե­րա­բե­րէր ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժա­մա­նակ հա­յե­րու տե­ղա­հա­նու­թեան: ­Թեր­թը այդ նա­մա­կը կո­չած է «Ող­բեր­գա­կան եւ սար­սա­փե­լի փաս­տա­թուղթ» եւ նշած է, որ նա­մա­կը վե­րահ­րա­տա­րա­կո­ւած է ա­ռանց ո­րե­ւէ փո­փո­խու­թեան: ­Յանձ­նա­րա­րա­կան նա­մա­կը բաղ­կա­ցած էր 10 յօ­դո­ւած­նե­րէ, ո­րոնք քայլ առ քայլ կը նկա­րագ­րէին բո­լոր այն գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք պէտք է ի­րա­կա­նա­ց­ւէին հա­յե­րու տե­ղա­հան­ման ըն­թաց­քին: Ա­սոնք բո­լորն ալ այն գոր­ծո­ղու­թիւն­ներն են, զորս նկա­րագ­րած են գիտ­նա­կան­ներ ­Թա­նէր Աք­չամ, ­Տո­նալտ Պ­լոքս­համ եւ Ու­քուր Ու­միթ Ուն­կեօր իբ­րեւ տե­ղա­հա­նու­թե­նէն մաս մը,- կը գրէ The Armenian Weekly պար­բե­րա­կա­նը:

«Թր­քա­կան Ս­թամ­պու­լը» չէ նշած նա­մա­կին աղ­բիւ­րը, ա­ւե­լին` «­Միու­թեան եւ ­Յա­ռա­ջա­դի­մու­թեան» ­Յա­տուկ ­Յանձ­նա­ժո­ղո­վին պա­հոց­նե­րը ան­հե­տա­ցած էին Ա­ռա­ջին ­Հա­մաշ­խար­հա­յին ­Պա­տե­րազ­մին, Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան պար­տու­թե­նէն ետք: ­Սա­կայն, ան­կախ այս ա­մէ­նէն` ու­շագ­րաւ է, որ գո­յու­թիւն ու­նէին օս­մա­նեան թրքա­կան պար­բե­րա­կան­ներ, ինչ­պի­սիք էին «Թր­քա­կան Ս­թամ­պու­լը», «Ա­լեմ­դա­րը», «­Փէ­յէ­մը», ո­րոնք կը քննար­կէին եւ քննա­դա­տէին «­Միու­թեան եւ ­Յա­ռա­ջա­դի­մու­թեան» ­Յա­տուկ ­Յանձ­նա­ժո­ղո­վը, Ա­ռա­ջին ­Հա­մաշ­խար­հա­յին ­Պա­տե­րազ­մէն ետք:

Ս­տո­րեւ՝ փաս­տա­թուղ­թին դրոյթ­նե­րը.-

1. ­Կի­րա­ռե­լով «Ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու մա­սին օ­րէն­քի» 3րդ­ եւ 4րդ ­յօ­դո­ւած­նե­րը` փա­կել բո­լոր հայ­կա­կան ըն­կե­րու­թիւն­նե­րը, ձեր­բա­կա­լել ա­նոնց գոր­ծա­դիր ան­դամ­նե­րը, ո­րոնք կ’ընդ­դի­մա­նա­յին «­Միու­թեան եւ ­Յա­ռա­ջա­դի­մու­թեան» կա­ռա­վա­րու­թեան, ար­տաք­սել ա­նոնց այն­պի­սի ծայ­րա­մա­սեր, ինչ­պի­սիք են ­Մու­սուլն ու ­Պաղ­տա­տը, իսկ ճա­նա­պար­հին կամ տեղ հաս­նել­նուն` սպան­նել:

2. ­Հա­ւա­քել հա­յե­րու ամ­բողջ զէն­քը:

3. Ազ­դել մահ­մե­տա­կան հա­սա­րա­կու­թեան կար­ծի­քին վրայ հա­մա­պա­տաս­խան մի­ջոց­նե­րով, կազ­մա­կեր­պել շարք մը մի­ջա­դէ­պեր (այն­պէս, ինչ­պէս ­Ռու­սաս­տան ը­րած էր ­Պա­քո­ւի մէջ) ­Վա­նի, Էրզ­րու­մի, Ա­տա­նա­յի մէջ, ուր հա­յե­րը ի­րենց գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րով վաս­տա­կած են մահ­մե­տա­կան­նե­րու ա­տե­լու­թիւ­նը:

4. Էրզ­րում, ­Վան, ­Մա­մու­րէթ-ուլ-Ա­զիզ եւ ­Պիթ­լիս քա­ղաք­նե­րուն մէջ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ի­րա­կա­նա­ցու­մը ձգել բնակ­չու­թեան վրայ: ­Զօր­քե­րը կի­րա­ռել եւ ռազ­մա­կան ու­ժե­րու գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը ներ­կա­յաց­նել այն­պէս, կար­ծես ա­նոնք կը կան­խեն ջար­դե­րը, իսկ ռազ­մա­կան վայ­րե­րու մէջ, ինչ­պի­սիք են Ա­տա­նան, ­Սե­բաս­տիան, ­Պուր­սան, Իս­միթ եւ Իզ­միր քա­ղաք­նե­րը, հա­կա­ռա­կը, ա­ջակ­ցիլ մահ­մե­տա­կան­նե­րուն:

5. Դպ­րո­ցի ու­սու­ցիչ­նե­րուն, յատ­կա­պէս 50էն վար տղա­մար­դոց ոչն­չաց­նե­լու մի­ջոց­նե­րու ձեռ­նար­կել: Ձ­գել կա­նանց եւ ե­րե­խա­նե­րը՝ հե­տա­գա­յին մահ­մե­տա­կա­նա­ցո­ւե­լու հա­մար:

6. Ոչն­չաց­նել բո­լոր փախ­չիլ յա­ջո­ղած մար­դոց ըն­տա­նիք­նե­րը եւ քայ­լե­րու ձեռ­նար­կել, որ­պէս­զի ա­նոնք ամ­բող­ջո­վին կորսնց­նեն կա­պը ի­րենց հայ­րե­նի քա­ղաք­նե­րուն հետ:

7. Լր­տե­սու­թեան մէջ մե­ղադ­րե­լով` պաշ­տօ­նանկ ը­նել բո­լոր հայ պաշ­տօ­նեա­նե­րը ի­րենց կա­ռա­վա­րա­կան հիմ­նարկ­նե­րէն եւ ա­նոնց մաս­նա­ճիւ­ղե­րէն:

8. ­Հա­մա­պա­տաս­խան կեր­պով ոչն­չաց­նել բա­նա­կին մէջ ծա­ռա­յող տղա­մար­դի­կը:

9. Ան­մի­ջա­պէս սկսիլ բո­լոր այն գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք ժա­մա­նակ չեն ձգեր պաշտ­պա­նա­կան մի­ջոց­նե­րու ձեռ­նար­կե­լու հա­մար:

10. ­Գաղտ­նի պա­հել այս յանձ­նա­րա­րա­կան նա­մա­կը եւ ա­ռա­ւե­լա­գոյն խնամ­քով պա­հել մէկ կամ եր­կու ան­ձանց մօտ:

«­Նա­մա­կին մէջ նկա­րագ­րո­ւած յանձ­նա­րա­րա­կան­նե­րուն հա­մա­ձայն ար­տաք­սո­ւած հա­յե­րը հե­տա­գա­յին սպան­նո­ւած եւ ոչն­չա­ցո­ւած են: ­Մենք կը հրա­պա­րա­կենք նա­մա­կը այն­պի­սի՛ն, ինչ­պի­սին որ է»,- գրած է «Թր­քա­կան Ս­թամ­պուլ» պար­բե­րա­կա­նը 1919 թո­ւի ­Մարտ 25ին: