Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, թէ Հայկական Սփիւռքի ազդեցութեան պատճառով Հայաստանի ուղղութեամբ պարզուած իրենց ձեռքը միշտ օդին մէջ կը մնայ:
«Քաղաքավարութեան կանոնները խախտելով յայտարարութիւններ ընելով՝ խաղաղութեան ու երկխօսութեան ճանապարհը մէկ անգամ եւս փակեցին»,- յայտարարեց Էրտողան:
Էրտողան ելոյթ ունեցաւ Գոլումպիայի մէջ կազմակերպուած «1915. Օսմանեան Կայսրութեան ամենաերկար տարին» խորհրդաժողովի ընթացքին:
Ան յիշեցուց, որ այս տարի կը նշուի «1915ի դէպքերուն» 100ամեակը եւ հայերուն կողմէ թուրքերուն ու թուրքերուն կողմէ հայերուն ըրածները առողջ քննարկումներով, ճիշդ ձեւով չեն իրականանար:
«100ամեակի պատճառաբանութեամբ 1915ի դէպքերուն վերաբերեալ Հայկական Սփիւռքը շատ բացասական արշաւ կþիրականացնէ: Մենք, որպէս թրքական պետութիւն, քարոզչութեան ետեւէն չենք ինկած: Նման խնդիր չունինք: Մենք միշտ բաց սրտով, անկեղծօրէն փափաքած ենք, որ 1915ի դէպքերը ճիշդ ձեւով ուսումնասիրուին եւ պատմուին»,- ըսաւ ան:
Էրտողան նաեւ պնդեց, թէ 1915ի արխիւները ընդլայնելու փորձ կը կատարեն եւ Հայաստանին ձեռք կþերկարեն:
Էրտողան յիշեցուցած է անցեալ տարուան Ապրիլ 23ին յղած իր ուղերձը եւ ըսած է.- «Յարաբերութիւնները շտկելու, նոր էջ բանալու ջանքեր գործադրեցինք: Ցաւօք, նաեւ Հայկական Սփիւռքի ազդեցութեան պատճառով, մեր պարզած ձեռքը ամէն անգամ օդին մէջ մնաց: Այս տարի, 100ամեակին, մենք դարձեալ անկեղծօրէն եւ սրտանց կը կրկնենք՝ եկէ՛ք այս հարցը քաղաքական դաշտէն հանենք եւ գիտութեան ու գիտնականներուն յանձնենք»: