Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան


Գործակալութիւնը անդրադառնալով Վանի երկրաշարժին եւ Հայաստանէն ղրկուած օգնութեան, յիշեցուցած է հայերու ջարդերու մասին

Հեղինակաւոր «Ռոյթըրզ» գործակալութիւնը Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժին մասին տեղեկութիւններ հաղորդելու ժամանակ՝ իբրեւ լրացուցիչ տեղեկութիւն ներկայացուցած է Վան քաղաքի պատմութիւնը:

Վանի մասին տեղեկութիւններ ներկայացնելու ընթացքին՝ «Ռոյթըրզ» անդրադարձած է նաեւ թուրքերու կողմէ հայերու դէմ իրականացուած կոտորածներուն եւ բռնագաղթին մասին:
Ինչպէս կը գրէ թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը, հայերուն վերաբերեալ «Ռոյթըրզ»ի մատուցած տեղեկութեան հանդէպ խիստ հակազդեցութիւն ցոյց տուած է պաշտօնական Անգարան եւ գործակալութենէն պահանջած է վերախմբագրել Վանի երկրաշարժին մասին տեղեկութիւնը:
«Թուրքիոյ հարաւ-արեւելքը գտնուող Վան նահանգին մէջ Կիրակի տեղի ունեցած երկրաշարժին հետեւանքով զոհուած է 260 եւ վիրաւորւած 1300 մարդ: Երկրաշարժը յատկապէս մեծ վնասներ հասցուցած է Վան քաղաքին եւ անկէ 100 քլմ դէպի հիւսիս գտնուող Արճէշ գաւառին, ուր կը թաքնուին Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան (PKK) զինեալները: Վերջիններուս կողմէ Վանի հարաւը գտնուող Հաքքարի քաղաքին մէջ Հոկտեմբեր 19ին իրականացած յարձակման ժամանակ սպաննուած էր 24 թուրք զինուոր»:
Այսպէս կը սկսէր «Ռոյթըրզ»ի տեղեկութիւնը, որմէ ետք կը ներկայացուէր  Վան քաղաքի պատմութիւնը։
«Վանը կը գտնուի Թուրքիոյ հարաւ-արեւելքը` Իրանի եւ Վանայ լիճի միջեւ: Անիկա ունի աւելի քան մէկ միլիոն բնակչութիւն: Այնտեղ մեծամասնութիւն կը կազմէ քիւրտ բնակչութիւնը: Այդ վայրերուն մէջ ապրող մեծ թիւով հայեր Առաջին աշխարհամարտի տարիներուն կոտորուած եւ բռնագաղթած են: Այդ շրջանին մէջ յաճախ տեղի կþունենան երկրաշարժեր: 1976ին տեղի ունեցած երկրաշարժի ժամանակ զոհւած էր 5291 մարդ, 50 հազար մարդ ալ մնացած էր անտուն»:
«Միլլիյէթ» օրաթերթը փորձած է պարզել` ինչու «Ռոյթըրզ» գործակալութիւնը նման շեշտադրումներով ներկայացուցած է Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժը, եւ եկած է այն եզրակացութեան, որ քիւրտ բնակչութեան եւ հայերու ջարդերուն վերաբերեալ տեղեկութիւնը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ թուրքերու հանդէպ բացայայտ թշնամանքի դրսեւորում...
«Եթէ Վանի մէջ տեղի ունեցածը ոչ թէ երկրաշարժ, այլ քաղաքական իրադարձութիւն ըլլար, հասկնալի պիտի ըլլար «Ռոյթըրզ»ի խմբագիրներուն կողմէ այդ նիւթի մատուցման ձեւը: Սակայն Վանի մէջ տեղի ունեցածը բնական աղէտ է: Իսկ ի՞նչ կապ ունի այդ երկրաշարժի հետ «Ռոյթըրզ»ի ներկայացուցած յաւելեալ տեղեկութիւնը քիւրտ բնակչութեան եւ հայկական կոտորածներու հետ` «Այնտեղ մեծամասնութիւն կը կազմէ քիւրտ բնակչութիւնը: Այդ վայրերուն մէջ ապրող մեծ թիւով հայեր Առաջին աշխարհամարտի տարիներուն կոտորուած եւ բռնագաղթած են»: Ո՞րն է Վանի բանկչութեան ցեղական ծագումը շեշտադրելու, պատմութեան խնդրայարոյց էջերուն անդրադարձ կատարելու տրամաբանութիւնը: Մի՞թէ յաւելեալ տեղեկութեան տրամադրումը: Ո՛չ: Այս ամէնը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ թուրքերու դէմ ուղղուած թշնամանք: Կարծես այդ տեղեկութիւնը հաղորդած է ոչ թէ «Ռոյթըրզ»ը, այլ «Երեւան» լրատուական գործակալութիւնը», գրութիւնը կ'ամբողջացնէ  «Միլլիյէթ»ը` գոհունակութեամբ եզրափակելով. «Սակայն «Ռոյթըրզ»ը թրքական կողմի հակազդեցութեան իբրեւ արդիւնք հանած է վերոնշեալ նախադասութիւնը եւ նիւթը վերաթողարկուած է»:


Tert.am

 

Թուրքիա Հայաստանէն Օգնութիւն ստացաւ

Հոկտեմբեր 27ին Հայաստան՝ թրքական Կարմիր մահիկի եւ Եւրոաթլանթեան աղէտներու արձագանգման համակարգման կեդրոնի միջոցով՝ ստացած է Թուրքիոյ կառավարութեան օգնութեան պաշտօնական դիմումը։ Այս մասին կը յայտնեն ԱԻՆ-էն։
Հոկտեմբեր 28ի երեկոյեան ՀՀ Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան ներկայացուցիչները Իլ-76 օդանաւով Թուրքիոյ Իզմիր քաղաք  տեղափոխեցին ՀՀ կառավարութեան աջակցութիւնը՝ 40 թոն բեռ, աւելի քան 100 վրան, քնապարկեր, ծածկոցներ եւ մօտ 7000 անկողնային պարագաներ։


Թուրքիոյ մէջ երկրաշարժի զոհերուն թիւը հասաւ 600ի:
Վիրաւորները աւելի քանի 4.150 հոգի են,
մինչ 231 հոգի փրկուեցաւ փլատակներուն տակէն:

Հակառակ նախնական հաւաստիացումներուն՝
Յայտնի դարձաւ թէ Վանի երկրաշարժէն
վնասուած է Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ գմբէթը

Հոկտեմբեր 23ին Վանի ցնցող աւերիչ երկրաշարժը
ճաք պատճառած է Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ գմբէթին:
«Էրմենիհապեր» լրատուական կայքը  Թուրքիոյ մշակոյթի
նախարարութեան աղբիւրներէն քաղած է այս տեղեկութիւնը:

 


«Լա Քրուա» Եւս Կ՛անդրադառնայ Ցեղասպանութեան Եւ Վանի Հայկական Հիմերուն

Վանի մէջ պատահած աղիտալի երկրաշարժը պատճառ դարձաւ, որ միջազգային լրատուամիջոցներ Վանի մասին իրենց փոխանցումներուն մէջ յիշեն նաեւ այն իրողութիւնը, թէ Վան հայկական հնագոյն մայրաքաղաք մը եղած է եւ տակաւին հոն հետքեր կան հայոց քաղաքակրթութենէն ու մշակութային հարուստ ժառանգութենէն։ ֆրանսական «Լա Քրուա» կը պատմէ հետեւեալը.-
«Թուրքիոյ արեւելեան շրջաններէն Վանի մէջ պատահած երկրաշարժի զոհերուն մեծամասնութիւնը քիւրտ է։ Վանի տարածքին քիւրտեր հաստատուած են 1915ին, հայ բնակչութեան Ցեղասպանութենէն ետք։ Հայեր դարեր շարունակ կը բնակէին այդ հողատարածքին վրայ։ Անատոլուի մեծագոյն լիճը՝ Վանայ լիճը, հին դարերուն Հայաստանի «ծովերէն» մէկն էր եւ կը գտնուէր հին Հայաստանի կեդրոնը։ Միջնադարուն, նոյնիսկ Վանայ լիճի ափին կը գտնուէին արքայի ու կաթողիկոսի նստավայրերը։
Հնագոյն Վարագայ վանքը, ուր Ս. Հռիփսիմէ Քրիստոսի իսկական խաչէն կտոր մը զետեղած էր, եւս կը գտնուի այդ տարածքին մէջ։ Վան քաղաքը իր 380 հազար բնակչութեամբ տեղակայուած է երկրաշարժի կեդրոնէն 20 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ եւ 1915ին եղած է թրքական բանակին դէմ հայկական դիմադրութեան կեդրոններէն մէկը»։