Թուրքիոյ Ոստիկանութիւնը Ձերբակալեց Ընդդիմադիր Գործիչը
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հայկական Ցեղասպանութեան եւ քրտական հարցերով Թուրքիոյ պետական դիրքորոշումներուն ընդդիմացող եւ անոնց մասին զանազան հրատարակութիւններ կատարած Ռակըպ Զարաքօլու, Շաբաթ, Հոկտեմբեր 29ին դարձեալ ձերբակալուեցաւ, այս անգամ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան հետ կապեր ունենալու ամբաստանութեամբ:
Պոլսոյ դատախազին հրահանգով, ձերբակալուեցան բազմաթիւ այլ մտաւորականներ եւս:
Յայտնենք, թէ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպան Զարաքօլուի զաւակը՝ Տենիզ, շաբաթ մը առաջ մօ-տաւորապէս նման ամբաստանութեամբ մը ան ալ ձերբակալուած էր:
Թուրքիոյ հրատարակիչներու միութիւնը, Մարդկային իրաւունքներու միութիւնը եւ Ժամանակակից իրաւագէտներու միութիւնը հաղորդագրութիւններ հրատարակեցին ու պահանջեցին, որ Զարաքօլու ան-միջապէս ազատ արձակուի։