«Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ» յղում կատարելով Պոլսոյ մէջ լոյս տեսնող հրէական «Շալոմ» օրաթերթին, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ հրեայ համայնքի բազմաթիւ անդամներ երկրէն կը հեռանան, որովհետեւ համայնքին դէմ սպառնալիքներն ու յարձակումները հետզհետէ կը բազմանան:
Համայնքի ծանօթ առեւտրականներէն Մոյիզ Կապա գրած է. «Մենք ամէն օր սպառնալիքներ, յարձակումներ եւ գէշ վերաբերում կը դիմագրաւենք։ Յոյսը կը մարի։ Պէտք է «մեզմէ Հրա՞նդ մը» սպաննուի, որպէսզի կառավարութիւնը, համայնքը, մեր դրացիները եւ դատաւորներ զայն տեսնեն»։
Ան նշած է, որ համայնքի երկրորդական կրթութիւն ստացած անդամներուն շուրջ 37%ը կը նախընտրեն բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու համար արտասահման մեկնիլ: