Քուռ գետը ցամքած է, որու հետեւանքով Սամցխէ-Ջաւախքի Ասպինձայի շրջանի բնակիչները շատ մտահոգ են: Ինչպէս անոնք կը նշեն՝ օրէ օր կ’իջնէ գետի ջուրին մակարդակը, ինչ որ սկսած է քանի մը օր առաջ:
Բնակիչները որեւէ տեղեկութիւն չունին գետին ցամքումին պատճառներուն մասին, բայց կը կասկածին, որ թրքական կողմը իրագործուող կառուցման հետեւանք է: Ըստ անոնց՝ Վրաստանի կեդրոնական իշխանութիւնները թրքական կողմին հետ պէտք է ժամանակին վարէին բանակցութիւններ եւ փորձէին լուծել խնդիրը:
Ասպինձայի շրջանի Փիա գիւղի բնակիչ Շալուա Մաղրաձէ կը նշէ, որ եթէ այսպէս շարունակուի, բնաւ բացառելի չէ որ երկիրը յայտնուի բնապահական աղէտի դէմ յանդիման: Անոր համամիտ են նաեւ միւս բնակիչները եւ կը հաստատեն, որ գետի ջուրի մակարդակին նուազումին, գրեթէ ցամքումին հետեւանքով կը սատկին բոլոր ձուկերը: Բացի ատկէ, Փիա գիւղի բնակիչները կը նշեն նաեւ, որ ջուրի մակարդակի նուազումին պատճառով ունին իրենց հողերու ոռոգման հարցեր, քանի որ Քուռի ափին բնակող գիւղացիները ջրմուղով կ’օգտագործեն գետին ջուրերը՝ ջրելու համար իրենց արտերը:
Վրաստանի Շրջակայ միջավայրի եւ բնական պաշարներու պահպանման նախարարութիւնը յայտարարած է, թէ ներկայիս կը կատարեն դիտարկումներ, խուսափելու համար լուրջ տագնապէ: